Search
Close this search box.

Ազերպայճանի «ազնիւ» վերաբերումը հայ մեռեալներու նկատմամբ

«Լաւ հայը՝ մեռած հայն է»։

Թուրք-ազերպայճանական այս տխրահռչակ արտայայտութիւնը կարծէք թէ իր լրիւ իմաստը կը ստանայ այս գործին մէջ։

Մինչ Պաքու կը շարունակէ պատանդ պահել տասնեակներով հայեր, ի շարս որոնց՝ Արցախի նախկին քաղաքական-ռազմական ղեկավարները, ներկայիս կը փորձէ «օրինակելի» երեւիլ՝ վերադարձնելով տարեց հայուհիի մը մարմինը։ Անհեթեթը այն է, որ վերջինս թերեւս ալ աւելի երկար ապրէր, եթէ իր կեանքի վերջին տարիներուն ենթարկուած չըլլար ազերպայճանցիներու պարտադրած անմարդկային տառապանքներուն։

Ուրեմն, երբ հայ ես, պէտք է մեռնի՞ս, որ յոյսն ունենաս արժանանալու Պաքուի վարչակազմի «արժանապատիւ» վերաբերումին:

* * *

Ազերպայճան Հայաստանին պայմանաժամ տուած է առնելու համար քանի մը ամիս առաջ՝ ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած Ստեփանակերտի մէջ մահացած տարեց հայ կնոջ՝ Վերա Աղասեանի մարմինը։

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ Գերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու հարցերու պետական ​​յանձնաժողովը յայտարարած է, որ եթէ Հայաստան չառնէ Արցախի բռնի հայաթափումէն յետոյ Ստեփանակերտ մնացած եւ քանի մը ամիս առաջ մահացած Վերա Աղասեանի (ծնեալ՝ 1954-ին) մարմինը, 2025 Յունուարի վերջ զայն պիտի յուղարկաւորեն Ազերպայճանի տարածքին։

* * *

Դեռ յստակ ալ չէ, թէ ինչո՞ւ խեղճ կնոջ մարմինը տեղափոխելու հարցը այսպէս՝ անոր մահէն ամիսներ ետք օրակարգի նիւթ դարձած է։