Ազերպայճանցի երեսփոխանը Հայաստանը բաղդատած է Բ. Աշխարհամարտէն ետք՝ պարտուած Գերմանիոյ հետ եւ պահանջած փոփոխութիւններ՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ։
“Այսօր մենք կը խօսինք Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ դրացի երկիրներուն՝ տարածքային պահանջներէն հրաժարելու կարեւորութեան մասին”,– Յունիս 14-ին տեղի ունեցած Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսի նիստին յայտնած է երեսփոխան Թուրալ Կանճալիեւ։ Լուրը հաղորդած է ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։
Հարկ է նշել, թէ ենթական նախապէս կը վարէր «Լեռնային Ղարաբաղի ազերպայճանական համայնք»-ի ղեկավարի պաշտօնը, իսկ նախքան այդ՝ աշխատած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։
Ան ընդգծած է, թէ «Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ, որ սարսափելու բան չկայ։ Պատերազմէն ետք երկիրներ փոփոխութիւններ կատարած են իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ։ Օրինակ՝ Գերմանիա եւ Իտալիա Բ. Աշխարհամարտէն յետոյ փոխած են իրենց սահմանադրութիւնը եւ խզած իրենց նախորդներուն հետ: Նոյնը ըրաւ Հայաստանի մտերիմ բարեկամ Ֆրանսա՝ 1947-ին։ Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան պէտք է փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։