Ալիեւ կը քուէարկէ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Կառավարութեան շէնքին մէջ
Փետրուար 7-ին, Ազերպայճանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, ինչպէս որ կը սպասուէր, Իլհամ Ալիեւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ,– ըստ գրեթէ վերջնական արդիւնքներու՝ 93,9 առ հարիւր,– վերընտրուած է իր պաշտօնին։ Ան արդէն 20 տարիէ ի վեր կը տիրէ Ազերպայճանին։
Անոր խամաճիկ ընդդիմադիր թեկնածուները փշրանք տոկոսներով քուէ ստացած են։
Ընտրութեան մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 77 առ հարիւրը։
Ալիեւ իր քուէն «խորհրդանշականօրէն» գործածած է բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի Հանրապետութեան Կառավարութեան բռնագրաւուած շէնքի յարկին տակ։ Խօսուն մանրամասնութիւն մըն ալ այն է, որ Ստեփանակերտի մէջ ներկայիս գրեթէ բնակիչ չէ մնացած, ինչ որ բռնապետին վերընտրութեան մասին՝ նոյնքան «խորհրդանշական» երեւոյթ մը կը հանդիսանայ։
Ընտրութեան արդիւնքը տակաւին չհրապարակուած՝ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է իր պաշտօնակիցը՝ վերջինիս «համոզիչ յաղթանակին» առիթով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։