Search
Close this search box.

«Ազնաւուր» հիմնադրամի հաղորդագրութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմի քառամեակին առիթով

«Ոգեկոչելով Արցախեան աւերիչ պատերազմի քառամեայ տարելիցը՝ ցաւով կը վերյիշենք մեր ժողովուրդի մեծ կորուստն ու կրած տառապանքը․ հազարաւոր ընտանիքներ տեղահանուեցան, անթիւ կեանքեր մարեցան՝ խոր սպիներ թողլով մշակոյթով ու պատմութեամբ հարուստ այս տարածաշրջանին մէջ:

Ծանր սիրտով կը նշենք նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի՝ բազմաթիւ այլ հայերու հետ միասին, Ազերպայճանի մէջ գերութեան մէկ տարելիցը։

“Ազնաւուր” հիմնադրամի հիմնադիր խորհուրդի անդամ Ռուբէն Վարդանեան վճռորոշ դեր ունեցած է հիմնադրամի ստեղծման եւ կայացման տարիներուն։ Անոր կամքը, ուժն ու արժանապատւութիւնը այսօր ալ մեզ կը յիշեցնեն, որ արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց համար պայքարը բնաւ աւարտած չէ:

“Ազնաւուր” հիմնադրամը զօրակից է հայ ժողովուրդին եւ պատերազմէն տուժած մեր բոլոր հայրենակիցներուն։ Մենք կը շարունակենք մեր ջանքերը՝ ուղղուած Արցախեան խնդրին շուրջ լայն իրազեկման եւ պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման»։