Սեպտեմբեր 6-ին, Ալավերդիի մէջ տեղի ունեցած է Սանահինի առժամեայ կամուրջի բացման արարողութինը։ Կամուրջը՝ Իրանի նուէրն է Հայաստանին։
Արարողութեան ներկայ եղած են Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եւ այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ։
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Իրանին՝ կամուրջի շինարարութեան եւ ընդհանրապէս բարդ իրավիճակներու մէջ Հայաստանի կողքին ըլլալուն համար։
Իր կարգին, դեսպանը ընդգծած է Հայաստանին սատարելու պատրաստակամութեան մասին։
Նշենք, թէ Սանահինի կամուրջը փլած էր գարնան` Մայիս 26-ին, Դեբեդ գետի վարարման հետեւանքով։ Կամուրջի բացումէն ետք նախարարն ու դեսպանը Ալավերդիի համայնքապետարանին մէջ խորհրդակցած են միատեղ իրականացուող շարք մը այլ ծրագրերու շուրջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։