Search
Close this search box.

Ալիեւ․«2018-ին Հայաստանի նոր կառավարութենէն որոշ հաւաստումներ ստացած էինք»

 

Մարտ 14-ին Ազերպայճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Պաքուի 11-րդ համընդհանուր համաժողով»-ին (Global Baku forum 2024), Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր բացման խօսքին մէջ պնդած է, թէ Երեւան եւ Պաքու կրնային խուսափիլ 44-օրեայ պատերազմէն։

“2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ կառավարութեան փոփոխութիւն եղաւ, համաձայնութեան յանգելու կարելիութիւն կար։ Մենք այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ հաւաստումներ ստացանք, որ անոնք պիտի գործեն միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն համապատասխան, եւ տարածքները պիտի վերադարձուին”,– յայտարարած է Ալիեւ՝ դիմելով Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ գանձատրուող «Նիզամի Կեանճեւի» հիմնադրամի խորհուրդի անդամներուն։

Ազերպայճանի նախագահը առաջին անգամ է որ նման յայտարարութիւն կ՚ընէ, իսկ հայկական կողմը այն օրերուն միակողմանի զիջումներու մասին հրապարակաւ չէ խօսած։

“Մենք նման ակնկալութիւններ ունէինք, եւ եթէ այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը գերադասէր գործել այնպէս, ինչպէս այժմ կը գործէ, ապա մեր ինքնիշխանութիւնը ուժով վերականգնելու կարիք չէր ըլլար”,– ըսած է Ալիեւ՝ շարունակելով, թէ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնները, սակայն, անհետացան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ 2019 Օգոստոսին հնչեցուցած «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտնի կարգախօսէն յետոյ…։

Ալիեւ քննադատած է նաեւ Ֆրանսայի կողմնապահ կեցուածքը

Նոյն համաժողովին, Ազերպայճանի նախագահը անգամ մը եւս կոպտօրէն քննադատած է Ֆրանսայի իշխանութիւնները, պնդելով թէ Փարիզ կողմնապահ կեցուածք որդեգրած է Ազերպայճանի հանդէպ։

“Ֆրանսայի դիրքորոշումը ամբողջութեամբ կը հակասէ միջազգային հանրութեան որդեգրած մօտեցումներուն։ Ֆրանսա կը փորձէ պատժել մեզ, որովհետեւ վերականգնեցինք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը”,– պնդած է Ալիեւ։

“Ֆրանսայի մէջ վանդալական արարք տեղի ունեցած է։ Էվիան քաղաքին մէջ պղծուած է ազերպայճանցի բանաստեղծուհի Նաթավանի յուշարձանը, վրան կարմիր ներկ թափած են, կոտրած են քիթը։ Եւ այս տեղի կ՚ունենայ այն պատճառով, որ անոնք (Ֆրանսա) չյաջողեցան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ Եւրոպական Միութեան մէջ պատիժներ սահմանել Ազերպայճանի դէմ”,– յոխորտացած է Պաքուի բռնապետը։