Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը Նոյեմբեր 21-ին յայտարարած է, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժածներու կարիքները հոգալու նպատակով աւելի քան 4,1 միլիոն տոլարի լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրուի։
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութիւնը՝ նշելով, որ այս լրացուցիչ օժանդակութեան հետ միասին 2020-էն ի վեր Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքները դիմագրաւելու ուղղուած՝ ամերիկեան մարդասիրական օգնութիւնը կազմած է շուրջ 28 միլիոն տոլար: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։