Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Հելսինքեան յանձնախումբ. «ԱՄՆ պէտք է քաղաքական, տնտեսական ու դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին»

Սեպտեմբեր 10-ի երեկոյեան, ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Հելսինքեան յանձնախումբը՝ Հայաստանի մասին ունկնդրութիւններու ընթացքին քննարկած է հետեւեալ հարցը. «Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ ողբերգական անցեալի ենթախորքին կա՞յ արդեօք խաղաղութեան ու կայունութեան կարելիութիւն եւ ի՞նչ կրնայ ընել Միացեալ Նահանգներ այս խնդրին աջակցելու համար»։

Քննարկման մասնակից թէ՛ դեմոկրատ, թէ՛ հանրապետական օրէնսդիրները համակարծիք եղած են, որ Հայաստան անկարող է առկայ մարտահրաւէրները միայնակ յաղթահարելու։

“Ազերպայճան Հայաստանի գրաւուած տարածքներէն հեռանալու նշան ցոյց չի տար և նոր պահանջներ կը ներկայացնէ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը յետաձգելու համար”,– յայտարարած ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին, որ ամիսներ առաջ այցելած էր Հայաստան:

“Ազերպայճան կը պնդէ, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխել, ինչ որ խնդալիք է, բայց նաեւ անհրաժեշտ չէ։ Մեր համոզումով՝ անոր նպատակն է յետաձգել կամ ձախողութեան մատնել խաղաղութեան պայմանագիրը”,– շարունակած է ծերակուտականը, ընդգծելով, թէ իր կարծիքով՝ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ շուրջ երկու տարիէ ի վեր բանակցուող փաստաթուղթը արդար չէ, քանի որ չ՚անդրադառնար հայկական կողմին համար առանցքային շարք մը հարցերու:

“Որքան ես կը հասկնամ՝ անոնք նոյնիսկ չեն խօսիր Լեռնային Ղարաբաղի եւ այնտեղէն տեղահանուած մարդոց մասին, չեն խօսիր սահմանի խնդիրներու մասին՝ այն տարածքներուն, որ այժմ կը գտնուին Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ, այնպէս որ եղածը շատ արդար համաձայնագիր մը չէ։ Այդքանով հանդերձ, որքան ես կը հասկնամ, Հայաստան կ՚ուզէ առաջ շարժիլ, քանի որ համաձայնագիրը սահմանները բանալու եւ երկիրը տնտեսական զարգացման ճիշդ ուղիի վրայ դնելու միակ տարբերակն է”,– ըսած է Քարտին:

Նիստին ներկայ գոնկրէսականներուն եւ տարածաշրջանին քաջածանօթ փորձագէտներուն կարծիքով՝ մի՛այն Հայաստանի ցանկութիւնը բաւարար չէ՝ ընդգծելով, թէ Միացեալ Նահանգներ իր եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ պէտք է քաջալերէ Ազերպայճանն ու Թուրքիան ընդառաջելու հայկական կողմի զիջումներուն։ Այս կապակցութեամբ, Հելսինքեան յանձնախումբի հանրապետական համանախագահ Ճօ Ուիլսըն տեղեկացուցած է, թէ քանի մը օր առաջ անձամբ հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի նախագահին հետ եւ վերջինիս հաղորդած սոյն ուղերձը։

“Որպէսզի Հայաստան եւ Ազերպայճան խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայ ունենան եւ որպէսզի ամբողջ տարածաշրջանը յառաջ ընթանայ, թէ՛ Թուրքիա, թէ՛ Ազերպայճան պէտք է իմաստալից քայլերու ձեռնարկեն Հայաստանի հետ հաշտեցման ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին, բայց մի՛այն մեր աջակցութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ է, որ տարածաշրջանի բոլոր շահագրգիռ կողմերը միատեղ ջանքեր գործադրեն: Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ապագան կախեալ է յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն եւ տարիներուն տեղի ունենալիք զարգացումներէն”,– ընդգծած է Ուիլսըն:

Այս առումով Յանձնախումբին անդամները դիտել տուած են, թէ այդ մէկը բարդ հարց մըն է եւ կարելի չէ կանխատեսել։ “Թուրքիա չի բանար սահմանը, քանի տակաւին Հայաստան իր յարաբերութիւնները չէ կարգաւորած Ազերպայճանի հետ: Ռուսաստան, իր կարգին, շահագրգռուած չէ, որ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւնները կարգաւորուին եւ քուլիսներու մէջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ որ կողմերը համաձայնութեան յանգին”,– յայտարարած է Պեն Քարտին, հարցադրելով թէ ի՞նչ պէտք է ընել այս փակուղիէն ելք գտնելու համար։

Գոնկրէսի կողմէ հրաւիրուած հայաստանցի փորձագէտ Տիգրան Գրիգորեան քանի մը խորհուրդ տուած է, նշելով թէ պէտք է ամրապնդել Հայաստանի ռազմական, տնտեսական ու ժողովրդավարական կարողութիւնները եւ սահմանափակումներ կիրարկել Ազերպայճանի դէմ:

“Առնուազն թիրախային պատիժներ պէտք է սահմանուին Ազերպայճանի պաշտօնատարներու եւ զինուորականներու նկատմամբ, որոնք թաթխուած եղած են պատերազմական յանցագործութիւններու, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ յարձակման մէջ։ Պատասխանատւութեան չենթարկելը միմիայն կ՚ամրապնդէ Ազերպայճանի յարձակումներու շարքը”,– ըսած է Գրիգորեան:

Քննարկման ներկայ քանի մը գոնկրէսականներ, մասնաւորաբար հանրապետական թեւէն, ընդգծած են, թէ Ազերպայճան ու յատկապէս Թուրքիա կը մնան ԱՄՆ-ու վստահելի դաշնակիցը՝ տարածաշրջանին մէջ։ Քանի մը նման դիտարկումներէ ետք, Գոնկրէսի մէջ թրքական յանձնախումբի համանախագահ, դեմոկրատ Սթիւ Քոհէն զգուշացուցած է՝ նշելով, թէ այսօրուան Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն հետ Միացեալ Նահանգներ համագործակցած է տասնամեակներ շարունակ. “Անոնք անպայմանօրէն այլեւս մեր բարեկամները չեն, նոյնչափ վստահելի չեն, գործարքի մէջ են Ռուսաստանի, Չինաստանի, մեզ հետ, այլոց հետ։ Այնպէս որ զգուշ եղէք”:

Քննարկումին՝ բոլորն ալ համակարծիք եղած են, թէ Ուաշինկթըն պէտք է քաղաքական, տնտեսական ու դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին։

Այս ունկնդրութիւններէն քանի մը ժամ ետք, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ կը կրկնապատկէ Հայաստանին տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը:

Նշենք, թէ Հելսինքեան յանձնաժողովը փաստօրէն որոշումներ չի կայացներ, սակայն կ՚ազդէ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու հանդէպ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մշակման եւ իրագործման վրայ՝ ամերիկեան կառավարութեան պարբերաբար հաղորդումներ ներկայացնելով Եւրոպայի կայունութեան ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու մասին։