ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Մարդկային իրաւանց հարցերու յանձնախումբը Սեպտեմբեր 19-ին ունկնդրութիւններ կը կազմակերպէ՝ Արցախի մէջ Ազերպայճանի գործադրած ցեղային զտման, Արցախահայութեան դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու առնչութեամբ։ Յանձնախումբը պիտի քննարկէ նաեւ Ազերպայճանի կառավարութեան հակադրուելու պատճառով բռնաճնշումներու զոհ դարձած ազերպայճանցիներու հարցը։
Յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յատկապէս նշուած է.
«Ազերպայճանի կառավարութիւնը մարդկային իրաւանց առումով վատ ցուցանիշ ունի: Ըստ Freedom House-ի՝ բռնատէր Ազերպայճանի իշխանութիւնը կը շարունակէ մեծապէս կեդրոնացուած մնալ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքին ձեռքը, որ նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2003-էն ի վեր։ Ազերպայճանի մէջ կաշառակերութիւնը համատարած է, իսկ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացած՝ տարիներէ ի վեր տեւող հալածանքներու պատճառով: Իշխանութիւնները վերջին տարիներուն լայնածաւալ ոտնձգութիւններ գործած են քաղաքացիներու ազատութիւններուն դէմ»։
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ՝ երբ 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի կառավարութիւնը ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով, կղզիացած տարածքին մէջ գտնուող հայութեան համար կացութիւնը կտրուկ վատթարացաւ։
«2023-ի վերջին գրեթէ բոլորը փախան Հայաստան։ Ունկնդրութիւններու ընթացքին կը քննարկուին ակնյայտ ցեղային զտումները եւ այդ խնդրին կապուած շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ հայկական մշակութային վայրերու իրավիճակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու վերադարձի իրաւունքը:
Քննարկման մասնակիցները առաջարկներ պիտի ներկայացնեն Գոնկրէսին»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ունկնդրութիւնները բաց պիտի ըլլան Գոնկրէսի անդամներուն եւ աշխատակազմին, հետաքրքրուող հանրութեան եւ լրասփիւռներուն համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։