Search
Close this search box.

Անդրկուսակցական համակարծութիւն՝ ընդդէմ Ազերպայճան-Եւրոպական Միութիւն կազային գործարքին

Le Monde օրաթերթին մէջ Յուլիս 29-ին լոյս տեսած կոչով մը ֆրանսացի 61 ընտրեալներ՝ խորհրդարանականներ (Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամներ) եւ տեղական իշխանութիւններու մէջ բարձրաստիճան պաշտօնի մը գլուխը գտնուողներ,– որոնք կը պատկանին ֆրանսական քաղաքական բոլոր ուժերուն, բացառութեամբ ծայրայեղ Աջին,– դիմած են Եւրոպական յանձնաժողովին, որ հրաժարի Ազերպայճանէն ներածուող կազի ծաւալի կրկնապատկումին ուղղուած բանակցութիւններէն: 

Այս առթիւ, CCAF կը յայտնէ, որ  վճռականօրէն կ՚աջակցի այս մօտեցումին եւ կ՚ողջունէ այս լայնահուն եւ անվիճելի համակարծութիւնը (consensus), որ կը պահանջէ անյապաղ վերջ դնել Պաքուի հետ բանակցութիւններուն։ Ան կը նշէ, որ կազային մանանան անընդհատ եւ անվիճելիօրէն կը վերաներդրուի հայ բնակչութեան ոչնչացման ուղղուած ռազմական զինանոցի ստեղծման մէջ։ Կ՚աւելցուի, թէ այս համաձայնագիրը պիտի սնուցէ թուրք-ազերպայճանական անյագ ախորժակը հայկական հողերուն նկատմամբ։ 

CCAF այնուհետեւ կ՚ըսէ.-

«Ռուսական կազէն կախումը ազերպայճանական կազէն կախումով փոխարինելը պատմական սխալ մը կ՚ըլլայ, որ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդը։

CCAF կը յիշեցնէ, որ ազերպայճանական կազի ներածման կրկնապատկումը կ՚ենթադրէ նոր ներդրումներ, նոր կազատարներու ստեղծում՝ միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ, այսինքն՝ երկարաժամկէտ կը դառնայ կախումը։ Սա բնաւ ալ առժամեայ լուծում մը չէ։

Ինչ կը վերաբերի այս կոչը ստորագրողներուն, CCAF կ՚ուզէ շնորհակալութիւն յայտնել Հայկական հարցի պաշտպանութեան պատմականօրէն հաւատարիմ առաջատար գործիչներու, ինչպէս՝ Պրիւնօ Ռըթեյոյին, Օլիվիէ Ֆօռին, Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիին, Պընուա Փեյանին, Ռընօ Միւզըլիէին, բայց իրենց աջակցութիւնը բերած՝ Ժիւլիէն Պայուի նման նոր անձնաւորութիւններու ալ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի բնապահներու ամբողջ խումբին, «Անհնազանդ Ֆրանսա» կուսակցութեան բազմաթիւ ընտրեալներուն, ինչ որ միայն կրնայ ամրապնդել այսպիսի նախաձեռնութիւններու արդար բնոյթը: Եւ վերջապէս, CCAF կ՚ուզէ ընդգծել ներդրումը մեծամասնութեան ընտրեալներուն, որոնք կու գան ամրապնդել այս կեցուածքը: Այժմ Պետութեան ղեկավարին ու կառավարութեան կը վիճակի նկատի ունենալ համակարծութիւնը՝ վճռականօրէն ընդդիմանալու համար խնդրոյ առարկայ ծրագրին՝ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի քննարկումներու շրջանակին մէջ»։