«Խաղաղապահ ուժեր, որտե՞ղ է ձեր խոստացած խաղաղութիւնը» կոչերով Արցախցիները յանդգնած են բողոքի ցոյց կազմակերպել Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ։
Ազերիներու անցեալ շաբթուան յարձակումին դիմաց ռուս խաղաղապահ ուժերու անգործութեան ակնարկելով՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Արցախցիներուն մէջ բացասական տրամադրութիւններու ձեւաւորման մասին մտավախութիւնը անտեղի չէր։ Ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը Անտրէյ Վոլքով առաջին անգամ ըլլալով խոստովանած է, որ իրաւասութիւնը չունի միջամտելու եւ ոչ ալ միջոցները։ Սարսափելի անհանգստացնող արտայայտութիւն մը խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու կոչուած զօրախումբի մը կողմէ, որուն ապաւինելով՝ շուրջ հարիւր հազար Արցախահայեր Նոյեմբեր 2020-ի հրադադարէն ետք վերադարձած են Արցախ։
Պէտք է ընդգծել որ՝ Հայաստանի վարչապետը անցեալ շաբաթ արդէն անդրադարձաւ,– դիւանագիտական փափուկ լեզուով,– ռուս խաղաղապահ զօրքի անգործութեան, սակայն այս յայտարարութիւնը լուրջ հակազդեցութիւն չունեցաւ Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ, հակառակ Արցախի քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու արդարացի բողոքի ցոյցերուն, որոնց ընթացքին պարզուած են «Խաղաղապահներ, որտե՞ղ է ձեր խոստացած խաղաղութիւնը», «Պահանջում ենք հետեւել Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեանը», «Կանգնեցրէք Ադրբեջանի “ագրեսիան” (յարձակումը)», «Վերադարձրէք Փառուխը, Խծաբերդը» գրութեամբ պաստառներ։
Բողոքը գլխաւորող ընդդիմադիր՝ Արցախի Յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Արթուր Օսիպեան յայտարարած է, որ ցոյցին պատճառը խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հետ հանդիպումէն յառաջացած մտավախութիւնն է։ Հրամանատարը ոչ մէկ յստակ հաւաստում կատարած է, որ շփման գծին վրայ նոր միջադէպեր պիտի չըլլան։ Ըստ Օսիպեանի՝ խաղաղապահներու հրամանատարական կազմը իրենց տեղեկացուցած է, որ բաւարար միջոցներ ու լիազօրութիւններ չունին ազերպայճանական կողմի յարձակումը կանխելու ու հակազդելու համար։
Աւելին՝ Վոլքով իրենց փոխանցած է ազերպայճանական կողմի երկու վերջնագիր, Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի հին ճանապարհին փոխարէն նոր ճանապարհի օգտագործման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապառազմականացման վերաբերեալ։ Օսիպեանի համար այս երկու պահանջներն ալ անօրինական են եւ կը խախտեն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։ Ընդդիմադիր գործիչը վրդովուած է մասնաւորապէս այդ վերջնագրերուն ռուսական կողմին միջնորդութեամբ հայկական կողմին փոխանցումէն։
Նկատի առնելով միջազգային հանրութեան հակազդեցութիւնը անցեալ շաբթուան բախումներուն, անոր կեղծ անկողմնակալական կոչերը երկու կողմերուն՝ հարցերը ռազմական ճանապարհով լուծելէ զերծ մնալով՝ բանակցային միջոցին դիմելու, եւ վերջին շրջանին անոր ուժանիւթային շահաւէտ պայմանագրեր կնքելը Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ՝ Ռուսաստանի դէմ պատիժները կիրարկելու նպատակով, հայկական կողմը համակերպած է ենթարկուելու ազերական վերջնագրին, ըստ որու մինչեւ Օգոստոս 25 պէտք է տեղահանել Բերձորի, Աղաւնոյի բնակչութիւնը, շուրջ հարիւր ընտանիք։ Այս անգամ կը տարհանուին նաեւ յուշարձանները, որոնք Ազերիներուն կողմէ ոչնչացման առաջնակարգ դիրքի վրայ են, ինչպէս 2021 թուականին Ազերպայճանի նախագահը արդէն յայտարարած էր, որ բոլոր նոր յուշարձանները, որոնք կառուցուած են վերջին 30 տարիներու ընթացքին՝ ենթակայ են ոչնչացման, իսկ նախկինները ձեւափոխութեան։ Ինչպէս որ մինչեւ հիմա տեղի ունեցած է, հակառակ միջազգային հանրութեան յորդորներուն եւ բողոքին։
Այս դէպքերուն առթիւ, ռուսական կողմին միակ դրական հակազդեցութիւնը այն եղած է, որ պաշտօնապէս ընդունած է ազերական կողմին նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը։ Սակայն, զարմանալի է եւ մեծապէս մտահոգիչ ռուս սահմանապահ զօրքերու Մեղրի-Ագարակ շրջանի սահմանային ստուգումներու խստացումը, այն պատճառաբանութեամբ որ՝ իբրեւ թէ Իրանէն Հայաստան թմրեցուցիչի եւ հոգեներգործօն նիւթերու (հաշիշ, մեթամֆեթամին, հերոյին) ապօրինի տեղափոխման փորձերը աւելցած են։ Թերեւս ալ առանց բացէն ի բաց յայտարարելու՝ նախապատրաստութիւնն է Ազերպայճան-Նախիջեւան ճանապարհի բացումին։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։