Search
Close this search box.

Արցախի Հաթերք գիւղի յուշաքարն ու գերեզմանատունը Ազերպայճանի վանդալական արարքներու թիրախ դարձած են

 

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մնայուն կերպով հետեւող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

«2024 Յունուար 15-ին ազերպայանական Milli TV եութիւպեան ալիքին վրայ տեղադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որ նկարահանուած է բռնագրաւուած Արցախի Հաթերք գիւղի՝ Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիրի եւ անոր յարակից տարածքին մէջ:

Հոն կ՚երեւի, որ Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն գիւղի ինքնապաշտպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը եւ շրջակայ գերեզմանատունը ենթարկուած են վանդալական արարքներու: Մասնաւորապէս շրջուած են Հաթերքի պաշտպաններու դիմանկարներով յուշաքարերու մեծ մասը եւ որոշ գերեզմանաքարեր: Տեսանիւթը նկարահանած են յուշահամալիրին մօտայքը յայտնի ալ չէ թէ ի՛նչ բնոյթի աշխատանքներ կատարող Ազերպայճանցիներ: Տեսանիւթին մէջ նաեւ կ՚երեւին յուշաքարերուն վրայ դրուած որոշ գործիքներ եւ կազի ընդունարան մը (https://www.youtube.com/watch?v=JButw96OfLk):

Հաթերք գիւղը տուժած է Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն: 1992-ին Ազերպայճանի զինուած ուժերը փորձած են հայաթափել ու ոչնչացնել գիւղը: 1992-1993 գիւղը երկու անգամ բռնագրաւուած է թշնամի ուժերուն կողմէ: Հաթերքի 19 խաղաղ բնակիչ, որոնք չէին կրցած փախիլ ազերպայճանական ներխուժման ժամանակ, սպանուած են զինուորականներու կողմէ։ Գիւղի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար մղուած մարտերու ընթացքին նահատակուած է 57 հոգի: 

Նահատակներու յիշատակին նուիրուած եղբայրական գերազմանատան մէջ բարձրացուած յուշահամալիրի կառուցման աշխատանքները սկսած էին 2002-ին եւ աւարտած 2005-ին»։