Գրած էինք, թէ Ազերպայճանի՝ Արցախի եւ Հայաստանի հետ սահմաններուն վրայ վերջին օրերուն խիստ լարուած իրավիճակ կը տիրէ, որ ինչպէս իւրաքանչիւր նախադէպի պարագային, ըստ երեւոյթին՝ այս անգամ եւս կը հնչեցնէր ազերպայճանական գրգռութիւններու յաջորդող նոր յարձակման ահազանգ, մինչ իբրեւ թէ Պաքու «բարեկամութեան ձեռք կը մեկնէ» հայկական կողմին։
Այսպէս, Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Օգոստոս 3-ին, ժամը 9-էն սկսեալ, ազերպայճանական ստորաբաժանումները կոպիտ կերպով խախտած են հրադադարը՝ Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալով նռնականետերով եւ անօդաչու սարքերով, պատճառ դառնալով 2 հայ զինուորի մահուան եւ 19 ուրիշներու վիրաւորման (Օգոստոս 3, ժամը 22-ի տուեալներով)։
Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող ռուս զօրախումբին հետ աշխատանք կը տարուի կացութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ։
Օգոստոս 3-ին, Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան News.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Շուշիի եւ Լաչինի շրջաններու հատման կէտին, լարուած վիճակ կը տիրէ եւ այդ ուղղութեամբ ռուս խաղաղապահները բանակցութիւններ կը վարեն։ Ան նշած է թէ խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Բերձոր քաղաքէն դէպի հիւսիս ինկած հատուածին։
Հարցումին, թէ արդեօք ստեղծուած կացութիւնը պայմանաւորուա՞ծ է Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքի երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով փոխարինելու Ազերպայճանի պահանջին հետ, Ստեփանեան պատասխանած է.-
«Միանշանակ այդ պահանջի իրագործման համար է այս ամբողջը։ Այսինքն՝ այս գործելաոճն Ադրբեջանը բազմաթիւ անգամ կիրառել է։ Իւրաքանչիւր պահանջ ներկայացնելուց առաջ լարում է իրավիճակը, այսինքն՝ ուղղակի լկտի ձեւով սպառնում է։ Այդ սպառնալիքի ներքոյ պարտադրում է հայկական կողմին որոշակի հարցերում գնալ զիջումների։ Վստահ եմ, որ այս լարումին առաջին նպատակը ճանապարհի փոփոխութեան հարցը լուծելն է»։
Օգոստոս 3-ին, Պաքու կրկին մեղադրած է Երեւանը՝ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտելու յանցանքով, շեշտելով՝ «Ազերպայճանի տարածքին տեղի ունեցած միջադէպի ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որ ցարդ իր անօրինական զինուած կազմաւորումները չէ քաշած դրացի պետութեան տարածքէն»։
«Ազերպայճանի տարածքին գործող հայկական անօրինական զինուած խմբաւորումները, որոնք կը գտնուին ռուսաստանցի խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման գօտիին մէջ, Օգոստոս 3-ի առաւօտեան գնդակոծած են ազերպայճանական բանակի՝ Լաչինի ուղղութեամբ հաստատուած ստորաբաժանումներու դիրքերը, որու հետեւանքով զոհուած է ազերպայճանցի զինուոր մը»,– յայտարարած է Ազերպայճանի ռազմական գերատեսչութիւնը։
«Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտում է Ադրբեջանի կողմից վերջին օրերին Արցախի նկատմամբ յարձակողական գործողութիւնների նոր ալիքը և այն որակում որպէս հայատեացութեան դրսեւորում, տարածաշրջանում խաղաղութեան ու կայունութեան խախտման, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան վարկաբեկման հերթական բիրտ փորձ։
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ է անում միջազգային հանրութեան հասցէական որակաւորում տալ Ադրբեջանի գործողութիւններին եւ կիրառել համապատասխան քայլեր՝ սանձելու Բաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը։
Արցախահայութիւնը հաստատակամ է եւ վճռական՝ իր հողում ազատ ու ինքնիշխան ապրելու եւ բոլոր դժուարութիւնները արժանապատիւ կերպով յաղթահարելու մէջ»։
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որու համաձայն՝ 2022 Օգոստոս 3-էն Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած է մասնակի զօրահաւաք:
Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութենէն:
Ազերպայճանական վերջին յարձակումներուն մասին Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է հետեւեալը.-
«Այս ամէնը կատարւում է այն պարագայում, երբ 2020 թուականի Նոյեմբերից կողմերի համաձայնութեամբ հաստատուել է հրադադար եւ Արցախում տեղակայուել են ռուսական խաղաղապահ ուժեր՝ Արցախի ժողովրդի խաղաղութիւնն ապահովելու համար։
Սա խօսում է այն մասին, որ խաղաղութիւնը Արցախում պատշաճ կերպով չի հաստատուել, իսկ ադրբեջանական կողմը չի կատարում յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ տարբեր առիթներ օգտագործելով ուժի կիրառմամբ այս կամ այն հարցերի շուրջ զիջումներ պարտադրելով։
Ադրբեջանն իր իւրաքանչիւր պահանջ զուգորդում է ուժի կիրառմամբ կամ ուժի կիրառման սպառնալիքով՝ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար դրոյթները։
Տարբեր հարցերի վերաբերեալ տարուող բանակցութիւնների ընթացքում հայկական կողմը ստիպուած է լինում գնալ զիջումների, որի հետեւանքով կոպտօրէն խախտւում են մարդկանց ամենատարրական իրաւունքները՝ ընդհուպ կեանքի իրաւունքը։ Ռուսական խաղաղապահների չյստակացուած լիազօրութեան եւ խիստ սահմանափակ թիւի պատճառով փխրուն ու յարաբերական խաղաղութիւնը պարբերաբար վտանգի է ենթարկւում։ Իսկ Արցախի ժողովուրդն իր իրաւունքների պաշտպանութեան համար նորից պայքարում է միայնակ։
Միջազգային զանազան դերակատարների կողմից պարբերաբար հնչում են խաղաղութեան հաստատմանն աջակցող յայտարարութիւններ։ Որտե՞ղ է այդ աջակցութիւնը։ Որտե՞ղ են համանախագահող երկրների իրական քայլերը՝ տեղում մարդկանց իրաւունքները պաշտպանելու, մարդկանց կեանքերը փրկելու, մարդկանց խաղաղ կենսագործունէութիւնն ապահովելու հարցում։ Որտե՞ղ են ՄԱԿ-ի, Եւրոպական խորհրդի կամ ԵԱՀԿ-ի գործողութիւնները։ Թէ՞ ամէն ինչ ուղղակի սին խօսքերի մակարդակում է։
Աշխարհի այլ կէտերում տեղի ունեցող հակամարտութիւնների վերաբերեալ միջազգային մեդիան մէկ րոպէ անգամ չի լռում, միջազգային կազմակերպութիւնները հանդէս են գալիս յայտարարութիւններով, աննկարագրելի ծաւալների աջակցութիւն են ցուցաբերում, իսկ Արցախի ժողովրդին, որ տասնեակ տարիներով ուղղակի պայքարում է ադրբեջանական բռնապետութեան դէմ, անտեսում են։
Միջազգային կառոյցների յարգելի՛ գործընկերներ, ձեր անհետեւողականութեան, հակամարտութիւնը փորձագիտական դաշտում քննարկելուց այն կողմ չանցնող գործողութիւնների հետեւանքով Ադրբեջանը իրեն անպատժելի է զգում ու դիմում է ամենատարբեր լկտիութիւնների։
Միթէ՞ կարելի է այսքան բացայայտ երկակի չափանիշերով առաջնորդուել, միթէ՞ կարելի է քաղաքական շահերից կուրանալ ու անտեսել մարդկանց ու նրանց իրաւունքները»։
Մինչդեռ, իրավիճակի այս աստիճան վատթարացման նախօրեակին՝ Օգոստոս 2-ին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած էր, թէ նախորդ օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ ազերպայճանական բանակին կողմէ հրադադարի խախտման երեք դէպք արձանագրուած է, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի «զինուած կամաւորներու» (չակերտները մեր կողմէ։ Հոս փափկանկատօրէն խուսափում կատարուած է Պաշտպանութեան բանակ եզրէն − «ՆՅ») մէկ անդամը։
«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը ազերպայճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ հանգուցալուծած է իրավիճակը։ Կողմերու շփման գիծին վրայ փոփոխութիւններ թոյլ չեն տրուած»,– նշուած էր Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրին մէջ։
Մինչ Ազերպայճան ամէն տեսակի լրբութիւն թոյլ կու տայ ինքն իրեն, եւ մա՛նաւանդ իրաց ներկայի կացութեան մէջ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը հաղորդած է, թէ Օգոստոս 3-ին վերադարձուած է ազերպայճանցի զինուոր մը, որ սահմանը խախտելով՝ անցած էր հայկական կողմը։ Ըստ երեւոյթին ան ճամբան կորսնցնելով Յուլիս 23-ին յայտնուած էր Գեղարքունիքի սահմանային գօտիին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։