Բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազերպայճանի վանդալական արարքները կը շարունակուին։
Բռնապետ Ալիեւի կարգադրութեամբ վար առնուած է Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած Ստեփան Շահումեանի արձանը։
Թշնամին կազմաքանդած է նաեւ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի պետական համարանիշերով յայտնի պատը, որ Արցախեան ազատամարտին՝ Հայութեան յաղթանակներու մասին վկայող խորհրդանիշերէն մէկն էր։
Նշենք, թէ Ալիեւ համապատասխան հրահանգը տուած է Նոյեմբեր 7-ին, կնոջ եւ որդիին հետ բռնագրաւուած Վանք գիւղը այցելելէ ետք։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։