«Նոր Յառաջ»-ի ապագային մասին է խօսքը։ Աշխարհը օր ըստ օրէ կը փոփոխուի, թուային նոր հաղորդամիջոցները կը կերպարանափոխեն ընկերութիւններու կենցաղը, գործելակերպը, մտածելակերպը։ Լրագրութիւնը անբաժան մասնիկն է այս փոփոխութեան։ Ըլլալով սփիւռքահայ անկախ մամուլ, մեծ մարտահրաւէր է քայլ պահել նորարարութեան հետ, սփիւռքահայ մամուլի տնտեսական եւ մարդուժի կարողութիւնները ըլլալով շատ սահմանափակ։ Տեղեկատւութեան աշխարհը աւելի ու աւելի կը դառնայ առցանց, տպագիրին գործածութիւնը կը սահմանափակուի, ընկերային ցանցերու վրայ լրատւութիւնը կ՚ընդհանրանայ, տեղեկատւութեան իսկութեան ստուգումը կը դժուարանայ, արհեստական բանականութիւնը լրատւութեան նոր ուղիներ կ՚ընձեռէ … «Նոր Յառաջ»-ի պարագային տպագիրը կը մնայ գերակշիռ։ Սակայն, «Նոր Յառաջ»-ը փակելու կամ շարունակելու հարցադրումին գլխաւոր դրդապատճառը լրագրութեան արդիականացումի խնդիր չէ, այլ աւելի՛ տարրական տագնապ մը։
Ասկէ 15 տարի առաջ թերթը ճամբայ ելաւ ունենալով խմբագրական կայուն կազմ, հովանաւոր կազմակերպութիւններ, մեկենասներ, ինչպէս նաեւ ընթերցողներ։ Բազմաթիւ ձեռքբերումներ իրականացուց, դարձաւ երկլեզու, դարձաւ մասամբ առցանց, ընկերային ցանցերու վրայ տարածում ունեցաւ, տեսազրոյցներ ցրեց, հաստատեց գրախանութ մը… Այս բոլոր ձեռքբերումները կատարուեցան շնորհիւ իրեն նպաստողներուն, թիկունք կանգնողներուն ու իր անձնակազմին։ Ժամանակի ընթացքին, թերթին հովանաւորներէն ոմանք հրաժարեցան իրենց յանձնառութենէն եւ կարգ մը մեկենասներ իրենց նպաստը պայմանաւորեցին թերթին խմբագրական ուղեգիծին փոփոխութիւնով, զայն ամբաստանելով իբրեւ «փաշինեանամէտ»։ Կ՚ընդունինք որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընկալումներու տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի խմբագրութեան եւ կարգ մը մեկենասներու եւ ընթերցողներու միջեւ։ Եթէ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը, օրէնքի երկիրի պաշտպանութիւնը, ժողովրդավար ընտրութիւններով ընտրուած կառավարուող երկրի թիկունք կանգնիլը «փաշինեանամէտ» ըլլալ է, այո՛ խմբագրութիւնս կ՚ընդունի այդ պիտակաւորումը։
Եղան նաեւ բաժանորդներ, որոնք թերթին կարգ մը յօդուածներէն վշտացած՝ դադրեցուցին իրենց բաժանորդագրութիւնը։ Այս բոլորը գումարած՝ կը ստեղծուին բաւական ծանր նիւթական պայմաններ։
Թերթի մը քննադատութիւններու թիրախ դառնալը բնական երեւոյթ է։ Քննադատելը կարեւոր է եւ օգտակար, մա՛նաւանդ երբ գործ ունինք լրագրութեան հետ, ուր տեսակէտը, քաղաքական որոշումներու ու ընկերային երեւոյթներու ընկալումը բազմաթիւ տարընթերցումներու առիթ կու տայ։ Սակայն, մեկենասի մը անհանդուրժողութիւնը, նպաստը դադրեցնելու սպառնալիքը այն սահմաններն են որոնց հատումը անընդունելի կը համարենք։
Այսօր «Նոր Յառաջ» կը գտնուի երկընտրանքի մը առջեւ՝ կա՛մ դադրեցնել թերթին հրատարակութիւնը, կա՛մ նոր հովանաւորներ, նոր յենարաններ գտնել, նոր ծրագիր մշակել, շարունակելու համար իր գործունէութիւնը։
Ներկայ տագնապը կրկնակի է։ 15 տարի առաջ խմբագրութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը անկախ տպագիր մամուլի աւանդութեան ապահովումն էր։ Դասական ուղղագրութեամբ եւ մեծ մասամբ արեւմտահայերէնով խմբագրուելով, բնականաբար «Նոր Յառաջ» ընթերցուեցաւ արեւմտահայ դասական սփիւռքին կողմէ։ Ֆրանսերէն յաւելուածը նոյնպէս ընթերցուեցաւ ֆրանսածին աւանդական սփիւռքի զաւակներուն կողմէ։ Տարիներէ ի վեր տպագիր մամուլը տեղքայլի մէջ է։ Խմբագրութեանս մեկնարկային նպատակը սպառած է՝ գրաւոր մամուլը յետընթաց կ՚ապրի, դասական ուղղագրութեան, արեւմտահայ մամուլին մեծ արժէք ընծայող չկայ, ներառեալ սկզբունքով անոր պաշտպան կանգնելու կոչուած կազմակերպութիւնները։ Նոր լծակներ պէտք են, նոր դրամագլուխ, նոր հովանաւորներ, այսօրուան պահանջներուն համահունչ նոր ծրագիր՝ շարունակելու համար։
«Նոր Յառաջ»-ի դիմագրաւած տագնապը, պէտք չէ մոռացութեան մատնէ բոլոր այն ընթերցողներն ու մեկենասները, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ մնալ «Նոր Յառաջ»-ին, նոյնիսկ եթէ երբեմն անոր խմբագրական դիրքորոշումները զիրենք կ՚անհանգստացնեն, համոզիչ չեն գտներ կամ որոշ տեսակէտներ չեն բաժներ։
Ինչպէս որեւէ ապրող էակ, լրատուամիջոցն ալ ունի իր վերելքներն ու վայրէջքները, իր տագնապներն ու յաջողութիւնները։ Այս տարուան սկիզբը նախատեսեր էինք հարցախոյզ մը կազմակերպել։ Փոքրիկ ուսումնասիրութիւն մը կատարուեցաւ երիտասարդներու լրատուական աղբիւրներուն շուրջ, որուն եզրայանգումը կը հաստատէ տեղեկատուական մայր ակունքներու ահաւոր սահմանափակումը եւ բնականաբար տեղեկութիւններու բազմազանութեան բացակայութիւնը… Վերամուտին կը նախատեսենք յղել հանրային քննարկումի հրաւէր մը, նպատակ ունենալով կազմակերպել հանդիպում մը բոլոր անոնց հետ, որոնք հետաքրքրուած են անկախ լրագրութեամբ, առիթ մը՝ մեր ընթերցողներուն հետ փոխանակելու եւ մտորելու ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմակայելու միջոցները, որոնելու նոր ուղիներ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։