Search
Close this search box.

ԴԱՄԱՍԿՈՍ – Սուրիոյ նախագահը ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը

Նոյեմբեր 15-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատի հետ:

Արշակեան նշած է, թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւնները, ընդգծելով տեղւոյն հայ համայնքի առանձնայատուկ նշանակութիւնը՝ իբրեւ կայուն կամուրջ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու միջեւ:

Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահը յայտնած է, թէ Հայաստան առաջին օրէն հանդէս եկած է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման, երկխօսութեամբ հարցերը կարգաւորելու ի նպաստ:

Արշակեան խօսած է նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան մասին, ներկայացնելով Հայաստանի կողմէ առաջարկուող «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի գաղափարը՝ շեշտելով տարածաշրջանի խաղաղութեան համար ճանապարհային քարտէսի կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Սուրիոյ նախագահը կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները՝ ընդգծած է հայ համայնքին դերը Սուրիոյ մշակութային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ: “Սուրիա Հայերը կը համարէ իր պետութեան, հասարակութեան և արժէքներու մէկ մասը: Հայաստանի խնդիրները մեզի համար օտար չեն, եւ մենք կանգնած ենք Հայաստանի կողքին՝ մարտահրաւէրներու յաղթահարման նպատակին հասնելու համար”,– ըսած է Պաշար ալ-Ասատ, շեշտելով երկու երկիրներու միջխորհրդարանական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ 

Նշենք, թէ հանդիպումին մասնակցած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխաններ՝ Ռուստամ Բաքոյեան, Շիրակ Թորոսյեան եւ Արէն Մկրտչեան: Ազգային ժողովի Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան չէր հրաւիրուած այս այցելութեան։