Եղիշէ Կիրակոսեան. «Դատական վէճերու եւ խաղաղութեան միջեւ հակադրութիւն ստեղծելը արհեստական է»

Յունուար 10-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին՝ միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան նշած է, թէ Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու, նաեւ ազգութեամբ հայերու վերաբերեալ պահանջներ ներկայացուած են Եւրոպական ատեանին, ինչպէս նաեւ այդ մասին խօսուած է Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ. այս փուլին Եւրոպական ատեանին կողմէ Ազերպայճանին մինչեւ Յունուարի աւարտը պայմանաժամ տրուած է մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրելու բոլոր հայ բանտարկեալներուն մասին:

“Մենք կ՚ակնկալենք մանրամասն տեղեկութիւն՝ հայ բանտարկեալներու իրաւունքներուն, բանտի պայմաններուն, առողջական վիճակին եւ այլնի մասին։ Բնականաբար նաեւ մեր ստացած տեղեկութիւնները կը հաղորդենք անոնց հարազատներուն:

Ազերպայճանի դէմ ներկայացուած երկրորդ գանգատը կը վերաբերի այնտեղ պահուող անձերու նկատմամբ ապօրինի դատավարութիւններու եւ անոնց յաջորդող ազատազրկման հարցին”,– ըսած է Կիրակոսեան:

Լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք նշեալ դատական գործերը պիտի մնան օդին մէջ կախուա՞ծ եթէ բողոքի բոլոր դիմումները յետս կոչելու քաղաքական որոշում կայացուի, ան պատասխանած է. “Չեմ կրնար այդպիսի բան ըսել, ամէն պարագայի սա պահուս կը շարունակուին բոլոր գործընթացները, թէ՛ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին, թէ՛ Եւրոպական ատեանին մէջ: Նաեւ ունինք երկու իրաւական բողոք ընդդէմ Հայաստանի, Ազերպայճանի կողմէ ներկայացուած:

Ես հիմա չեմ կրնար խօսիլ դիմումները յետս կոչելու մասին, ես կրնամ խօսիլ դատական գործընթացներու առկայութեան եւ շարունակութեան, հետագայ քայլերու ձեռնարկման մասին”:

Իրաւապաշտպանին կարծիքով՝ դատական վէճերու եւ խաղաղութեան միջեւ հակադրութիւն ստեղծելը արհեստական է. “Հետեւաբար ես ատոր մէջ անկեղծութիւն չեմ կրնար տեսնել։Միջազգային դատարաններու մէջ վէճերու քննութիւնը վէճերու լուծման քաղաքակիրթ եղանակ է՝ժամանակակից աշխարհի մէջ ընդունուած: Այն պատմութիւնը, որ մենք ունեցած ենք տասնամեակներու, հարիւրամեակի ընթացքին, դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել, որ չունենանք վէճ, իսկ վէճի լուծումը որոշ առումով լիցքաթափման կարելիութիւն է երկու երկիրներու համար ալ”,–նշած է ան։