Մուրատ Փափազեանի՝ վերջերս Հայաստան մուտքի աղմկայարոյց արգելքէն ետք, Յուլիս 30-ի շաբաթավերջին ուրիշ երկու ՀՅԴ-ականներու եւս Հայաստան մուտքը արգիլուած է։
Նախ, ՀՅԴ Նետերլանտներու երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան Հայաստան ժամանումին՝ զարմանքով հաստատած է, որ հայրենիք իր մուտքը արգիլուած է: Ան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ Յուլիս 30-ի գիշերը հասած է Զուարթնոց օդակայան, ուր զինք 12 ժամ առանց բացատրութեան պահելէ ետք, ըսած են, որ ինք անբաղձալի անձ է եւ պէտք է վերադառնայ Նետերլանտներ։
Նշենք, թէ երիտասարդուհիին նպատակը՝ ՀՅԴ երիտասարդականի կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած կամաւորական ճամբարներուն մասնակցիլն էր։
Այնուհետեւ, նոյնպէս Նետերլանտներէն՝ Մասիս Աբրահամեանի եւս Հայրենիք մուտքը արգիլուած է։
Ստորեւ՝ այս կապակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի հաղորդագրութիւնը.-
«Ապազգային քլանին հալածանքը կը շարունակուի դաշնակցական գործիչներու դէմ:
Նետերլանտներու երիտասարդականի անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքի արգելքէն ժամեր անց, դարձեալ Երեւանի օդակայանէն Հայրենիք մուտքը արգիլուեցաւ այս անգամ Նետերլանտներու Հայ Դատի ատենապետ, կուսակցական աշխուժ գործիչ Մասիս Աբրահամեանի:
Յստակ է արդէն, որ պատրաստուած է այսպէս կոչուած անբաղձալի տարրերու ցուցակ: Եւ ինչպէս մեր նախորդ յայտարարութիւններով ընդգծած էինք, երկիրը դէպի անդունդ տանող փաշինեանական դաւադիր վարչախումբին գործիքին վերածուած ԱԱԾ-ն տէրը չէ իր կոչումին եւ հաւասարապէս պատասխանատու է ազգադաւ այս որոշումներուն, զորս կը մերժենք ըստ ամենայնի: Իրաւական եւ կարելի բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք վերականգնելու հայրենազրկութեան այս քստմնելի արշաւին դէմ: Ողորմելի են նման փոքրոգի որոշումի տէրերը, մանաւանդ երբ կը խորհին այս միջոցով ճնշել ու լռեցնել ի խնդիր համազգային մեր Դատին, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջականութեան ու բարօրութեան համար պայքարող նուիրեալ գործիչները: Մեր պայքարը առաւել պիտի սաստկանայ, մինչեւ ազգային ու իրաւական պետութեան վերականգնումը, որուն նախապայմանն է երկրին իշխանութեան յայտնուած ապազգային ու հայրենադաւ բռնատիրական քլանին հեռացումը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
2022 Օգոստոս 1
Փարիզ»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։