Search
Close this search box.

Զարեհ Սինանեանի խիստ արտայայտութիւնները Մուրատ Փափազեանի հասցէին՝ Հայաստան անոր մուտքի արգիլման կապակցութեամբ

ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հայաստանեան 24news հեռատեսիլի կայանին տուած է հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ան շատ խիստ արտայայտութիւններով անդրադարձած է Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգիլման երեւոյթին։

“Մուրադ Փափազեանին ՀՀ չթողնելու բուն պատճառների մասին չգիտեմ, բայց գիտեմ, թէ Փափազեանը ինչպէս է իրեն դրսեւորել, մեղմ ասած, իր գործունէութիւնը բարեացակամ չի եղել ՀՀ հանդէպ”,– ըսած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը, շարունակելով.-

“Ֆրանսիայում Մուրադ Փափազեանի ներկայացրած երկու կազմակերպութիւնները քաղաքական բոյկոտ են ներկայացնում, այս մարդիկ ակտիւօրէն ճնշում են բանեցնում Ֆրանսիայում՝ կապւում են այլազգի քաղաքական գործիչների հետ եւ ստիպում, որ նրանք չհամագործակցեն ՀՀ պետական կառոյցների հետ, ինչը սաբոտաժ է: Մուրադ Փափազեանի եւ իր զարմիկի (Արա Թորանեանի – «ՆՅ») երկու կազմակերպութիւնները 25 տարի կեղեքած, արիւնաքամ արած ռեժիմի մաս են, ուզում են վերադարձնել իրենց բարքերը եւ չեն հաշտւում ՀՀ ժողովրդի կամքի հետ: Մուրադ Փափազեանի ներկայացրած կառոյցն ուզում է պահպանել իր քաղաքական մենաշնորհը, Ֆրանսիայի կէս միլիոնանոց համայնքի նկատմամբ, իսկ դա իրատեսական չէ, մի կազմակերպութիւն չի կարող խօսել ամբողջ համայնքի անունից”: 

Պատասխանելով հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Արա Թորանեանի պնդումին նկատմամբ, ըստ որու՝ Ֆրանսայի մէջ վերջերս կեանքի կոչուած «Հայկական շարժում»-ը ստեղծուած է ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ՝ համայնքը պառակտելու նպատակով, Զարեհ Սինանեան ըսած է, որ Ֆրանսայի մէջ գործող որեւէ հայկական կազմակերպութեան ստեղծման հետ ինք եւ վարչապետը որեւէ առնչութիւն չունին:

Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը դիտել հոս

ԱԱԾ-ն չի պարզաբաներ, թէ ինչո՞ւ արգիլուած է ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը մերժէ պարզաբանել, թէ ինչո՞ւ արգիլուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան։

Նշենք, թէ անբաղձալի անձանց «գործերը» կը վարէ ԱԱԾ-ն։ Ըստ օրէնքի՝ ԱԱԾ-ին տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը, Ոստիկանութիւնը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Համարկումի ծառայութիւնը։

Մուրատ Փափազեան արդէն գրեթէ շաբաթ մըն է՝ չի կրնար պարզել, թէ ի՞նչ պատճառով  արգիլուած է իր մուտքը Հայաստան. ո՛չ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն, ո՛չ ալ հայաստանեան պետական որեւէ այլ գերատեսչութենէ իրեն տեղեկութիւն չեն տրամադրած։ Ան տակաւին այս տարուան գարնան առանց խոչընդոտի Երեւան գացած էր։ Ենթակային կարծիքով իր նկատմամբ քաղաքական որոշում կայացուած է, պատճառն ալ իր ընդդիմադիր գործունէութիւնն է։

Կառավարութենէն Փափազեանի մեղադրանքներուն չեն արձագանգած։ Մի՛այն իշխանական լրասփիւռներու մէջ շաբաթ մը առաջ տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ արգելքին պատճառը Փարիզի մէջ անցեալ ամառ Հայաստանի վարչապետին դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցն է, որու մասնակիցները հարուածած էին Նիկոլ Փաշինեանի շարասիւնի կառքերուն ապակիները։

Փափազեան կտրականապէս հերքած է, ըսելով՝ որեւէ մասնակցութիւն չէ ունեցած փարիզեան բողոքի ցոյցերուն։ Ան պնդած է նաեւ, որ Սինանեանի վերեւ ըսածներն ալ իրականութեան հետ որեւէ կապ չունին։