Search
Close this search box.

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի նիստերուն

 

«Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է ծաւալուն յայտարարութեամբ մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է, թէ պիտի չմասնակցին «ոչ-առաջնահերթ, յաճախ ալ արհեստական օրակարգերով լեցուն» Ազգային ժողովի եւ անոր յանձնաժողովներու նիստերուն:

Խմբակցութենէն ընդգծած են, որ խորհրդարանական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է մի՛այն հետեւեալ օրակարգերով.- Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը, օրուան իշխանութիւններու պաշտօնանկութիւնը, երկրի հզօրացման ազգային-պետական ուղեգիծի հաստատումը:

Ըստ վերոնշեալ յայտարարութեան՝ խմբակցութիւնը իր ներկայացուցիչներուն միջոցով պիտի շարունակէ աշխուժ շփումներն ու աշխատանքները արտասահմանի գործընկերներու եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի միջազգային հանդիպումներուն՝ երկրի շահերը պաշտպանելու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւնները լսելի դարձնելու եւ դատապարտելու համար։ Հարկ եղած պարագային պիտի կիրարկուին նաեւ պետական ու հանրային օրակարգերուն սպասարկող խորհրդարանական այլ գործիքներ:

Խմբակցութիւնը նաեւ համոզում յայտնած է, որ իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտ նուազագոյն պայմանն է, եւ այդ պարագային միայն կարելի է լուծել երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները:

Ինչ կը վերաբերի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան, ապա ան արդէն Մայիսին որոշած էր չմասնակցիլ Ազգային ժողովի նիստերուն:

Նշենք, թէ Սեպտեմբեր 12-ին կը սկսէին Ազգային ժողովի նիստերը: