Search
Close this search box.

Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարները

 

Յուլիս 16-ին, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Դարչիաշվիլիի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Այս մէկը երկու կողմերու Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ առաջին երկկողմ հանդիպումն էր 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր։ 

Այս առթիւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ հետեւեալը.-

«Հանդիպումին Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերու։ Կողմերը քննարկած են այս առումով նախապէս ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը եւ միտքեր փոխանակած՝ հետագայ քայլերու շուրջ։

Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի տեսակէտն առ այն, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը, եւ այս համածիրին մէջ ան ընդգծած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան կառոյցի հանգամանքին եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ ըստ իր  միջազգային լիազօրագրին։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է նաեւ մարդասիրական խնդիրներու, այդ կարգին` հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ու հայրենադարձման, ինչպէս  նաեւ անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանման կարեւորութիւնը։

Արձանագրուած է շփումները շարունակելու կողմերու պատրաստակամութիւն»: