Յունուար 1-ին նախագահ Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանի տղուն՝ Պիլալ Էրտողանի եւ 308 ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Արեւը կը ծագի» խորագրով զանգուածային հանրահաւաք մը։ Պաղեստինցիներու զօրակցութեան համար կազմակերպուած ցոյցը ընթացած է Պոլսոյ Կալաթայի կամուրջին վրայ ու շուրջ։
Նախորդ օր, թրքական պաշտօնական TRT լրասփիւռը այս մասին լրատւութեան մէջ կը գրէր. «Նոր տարուան առաջին օրը Պոլիս պիտի դառնայ պատմութեան ամենամեծ բողոքի ցոյցերէն մէկուն թատերաբեմը: Հարիւրհազարաւոր մարդիկ Պաղեստինի համար պիտի հաւաքուին Կալաթայի կամուրջին վրայ՝ “Երէկ՝ Սուրբ Սոֆիա, այսօր՝ Օմայատները, վաղը՝ Ալ-Աքսա” կարգախօսով։
308 ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք այս երթին նպատակն է դատապարտել Իսրայէլի բռնաճնշումը։ Առաւօտեան աղօթքէն յետոյ Պաղեստինի զօրակցութեան ուղերձ մը պիտի յղուի համայն աշխարհին։
TÜGVA-ի (Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնարկութիւն)՝ ընկերային ցանցի պաշտօնական էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ բնակչութեան կոչ կը յղուի Յունուար 1, առաւօտեան ժամը 8.30-ին համախմբուիլ Կալաթայի կամուրջին վրայ։
TÜGVA-ի հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի. “Մենք կը հաւատանք, որ մութ օրերէ ետք՝ արեւը կը ծագի”»։
* * *
Ամէն ինչ ըսուած է այս քանի մը տողերով… ու առանց դոյզն բարդոյթի։ Արդէն, միթէ կարելի՞ է խօսիլ բարդոյթի մասին, երբ ուրիշին պատկանող ամէն ինչի իւրացումը, բռնագրաւումը հպարտութեան ամենամեծ աղբիւրն է խնդրոյ առարկայ հաւաքականութեան։
Ձեր ուշադրութենէն խուսափած ըլլալու չէ, որ Սուրբ Սոֆիայէն յետոյ Դամասկոսի Օմայատներու մզկիթը արդէն ներառուած է անոնց «աւար»-ին մէջ, մինչ Երուսաղէմի Ալ-Աքսայի ճակատագրին համար ճշդուած ժամանակն ալ «վաղ»-ն է։
Փանթուրանիզմը կը յառաջանայ մեծ քայլերով, աղմուկով եւ անզուսպ, խոր քունի մէջ գտնուող Արեւմուտքի եւ ընդհանրապէս համայն աշխարհի աչքին առջեւ։
Ո՞վ է յաջորդը։
* * *
Յունուար 1-ին թուրք մամուլը կը հաղորդէր, թէ մեծ յաջողութեամբ գործադրուած է նախատեսուած միջոցառումը. թէեւ այս մասին լրատւութեանց մէջ, ակնկալուած «հարիւրհազարաւորներու բազմութիւնը» իր տեղը զիջած էր «տասնեակհազարաւորներու», իսկ որոշ աղբիւրներու համաձայն ալ՝ «հազարաւորներու»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։