Թրքական Milliyet օրաթերթը յղում ընելով իսրայէլական եւ թրքական դիւանագիտական աղբիւրներուն՝ կը գրէ, թէ Իսրայէլի նախագահ Իզաաք Հերցոկի՝ Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայական վեհաժողովին (COP-29) մասնակցելու համար Ազերպայճան այցը ջնջելուն պատճառը Թուրքիոյ՝ իր օդային տարածքը փակելն էր անոր օդանաւին համար։
Շաբաթ երեկոյեան Իսրայէլի նախագահի աշխատակազմը յայտարարած էր, որ նախագահ Իզաաք Հերցոկի՝ COP29-ի այցը Ազերպայճան ջնջուած է «մեկնելով ապահովութեան նկատառումներէ», սակայն ըստ Yedioth Ahronot թերթին՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները յայտնած են, որ իրական պատճառը Թուրքիոյ մերժումն է Իսրայէլի նախագահական օդանաւի անցումի արտօնութեան՝ իր օդային տարածքէն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։