Search
Close this search box.

Թուրքիոյ յատուկ բանագնացը այցելած է հայ-թրքական սահմանը

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ իր աշխատանքային խումբով Յուլիս 24-ին այցելած է Կարս:

«ԷրմենիՀապէր»-ի համաձայն՝  ան Կարսի Աքյաքա շրջանին մէջ այցելած է հայ-թրքական սահմանի Տողուքափը կոչուող անցակէտը, ապա շրջած է Անիի աւերակներուն մէջ: Սերտար Քըլըչ այցելած է նաեւ Կարսի ռազմական թանգարանը:

Տեղական «GazeteKars» լրասփիւռի տարածած տեղեկութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացը Կարսի մէջ ունեցած է շարք մը դռնփակ հանդիպումներ, ուր մամուլի մուտքը արգիլուած էր։