Հազիւ թէ հայաստանեան զօրքերու վերջին զինուորները Օգոստոսի սկիզբը քաշուեցան Արցախէն՝ ազերական զօրքերը յարձակում գործեցին Բերձորի ուղղութեամբ, պատրուակելով Արցախը Հայաստանին կապող՝ Ազերպայճանի նոր կառուցած ճանապարհը գործածելու հայկական կողմին մերժումը։ 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագիրը պայման կը դնէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի ուղեծիրը պէտք է որոշուի համաձայնագիրը ստորագրող երեք կողմերու հաւանութեամբ։ Ազերիները նոր միջանցքը շինած են ինքնագլուխ կերպով, առանց Ռուսերուն եւ Հայերուն հետ խորհրդակցելու։ Եւ համաձայնագիրը այդ նոր միջանցքի կառուցման համար պայմանաժամ սահմանած է 2023 թուականը։ Հայաստան անցեալ ամիս սկսաւ ճանապարհի իր հատուածին կառուցման աշխատանքները, որոնք պիտի տեւեն տարի մը։
Այս պայմաններու մէջ, Ազերիներու յարձակումը պարզապէս ռուս-ուքրաինական պատերազմէն օգտուելով՝ Հայաստանին ու Արցախին իր պայմանները պարտադրելու կը միտի, ոտնակոխելով միջազգային բոլոր համաձայնութիւնները եւ մարդկային իրաւունքները։
Ռուսերը յայտարարեցին եւ ընդունեցին որ՝ Ազերիները խախտած են հրադադարը։ Սակայն, մէկ բան է արձագանգելը Ազերիներու խախտումին, այլ բան՝ արգելք հանդիսանալը, յարձակումին առաջքը առնելը, զգուշացնելը։ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագրի 5-րդ կէտը կը նախատեսէ. «Հակամարտութեան կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման վերահսկողութիւնը բարձրացնելու նպատակով կը ստեղծուի Հրադադարի վերահսկողութեան խաղաղապահ կեդրոն»։ Ինչո՞ւ այդ կեդրոնը չի վերահսկեր իրավիճակը։ Ինչո՞ւ Ազերիները որեւէ պահանջ խորհրդակցական ճամբով չեն լուծեր, այլ միշտ՝ ռազմական գործողութեան միջոցով։ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը կը հաստատէ աւարտը ռազմական գործողութիւններու, եւ ռուսական կողմը իբր երաշխաւոր համաձայնագրին՝ կը կրէ ամբողջական պատասխանատւութիւնը այս իրավիճակին։ 2020-էն ի վեր առաջին անգամ չէ որ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումներու ընթացքին ռուս խաղաղապահ ուժերը դէտի դիրք գրաւած են, առանց պատասխանատւութիւն ստանձնելու։
Ինչ որ ընդգծելի է ներկայիս՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակազդեցութիւնն է եւ դիմադրութիւնը, փոխանակ միամտօրէն ապաւինելու ռուս խաղաղապահ ուժերու միջամտութեան։ Թէեւ Արցախի բանակի զինուորները սուղ վճարեցին իրենց ինքնապաշտպանութեան գինը՝ 2 զոհ եւ 19 վիրաւոր, բայց եւ այնպէս, ան ցոյց տուաւ խիզախութիւն, դիմադրութեան կամք։ Թշնամին գործածած է հարուածային անօդաչուներ, նռնականետեր եւ հրազէնային տարբեր միջոցներ։
Մինչեւ վերջերս ազերական կողմը կ՚ամբաստանէր Հայաստանը որ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրի 4-րդ կէտը չէ յարգած, այսինքն՝ Հայաստանեան ուժերը Արցախէն քաշելու պայմանը. Օգոստոս 4-ի Կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետ Փաշինեան պարզաբանեց, թէ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած է հայկական զինուած ուժերու մեկնումին զուգահեռ։ “Ադրբեջանն այսօր անընդհատ խօսում է Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի մասին, թէ ինչո՞ւ են նրանք տեղակայուած շփման գծի երկայնքով։ Եթէ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը, Ադրբեջանը երաշխաւորեն շփման գծի անձեռնմխելիութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը, կարծում եմ, մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չի ունենայ։ Նման անհրաժեշտութիւն առաջացել է միայն այն բանից յետոյ, երբ Ադրբեջանը հրաժարուել է ստորագրել խաղաղապահների մանդատը եւ շարունակաբար խախտում է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները՝ այդ թւում բոլոր ռազմական գործողութիւնների դադարեցման մասին”,– յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը։
Ան բարձրացուց շփման գծի անվտանգութեան ապահովութեան խնդիրը, ըսելով որ՝ “Դեռեւս 2020 թուականի Նոյեմբերից մեր աշխատանքի ուղղութիւններից մէկը եղել է դա՝ ինչպէ՞ս ենք ապահովում շփման գծի գոյութիւնը, շփման գծի անվտանգութիւնն ինչպէ՞ս ենք ապահովում։ Սրանք հարցեր են, որ եռակողմ ձեւաչափով պէտք է լուծում ստանան։ Եթէ մենք տեսնենք, որ եռակողմ ձեւաչափով լուծումները հնարաւոր չեն լինում, պիտի մտածենք լրացուցիչ միջազգային մեխանիզմների գործարկման մասին”։
Իսկ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին զգուշացուց Արցախի բնակչութեան ռուս խաղաղապահ ուժերու հանդէպ վստահութեան նուազումի վտանգին դէմ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։