Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ. Միրզոյեան.– “ԼՂ-ն միայն հողակտոր մը չէ, այլեւ մարդիկ են, որոնց արժանապատւութիւնը պէտք է յարգել”

Մայիս 20-ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի խորհուրդի 132-րդ նախարարական նստաշրջանին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը միայն հողակտոր մը չէ, «այլեւ մարդիկ են, որոնց արժանապատւութիւնը պէտք է յարգել»:

Յիշեցնելով 44-օրեայ պատերազմին մասին` նախարարը շեշտած է, թէ Ազերպայճան կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, եւ թէ պատրաստ են խաղաղութեան: “Բայց եթէ այդ ճիշդ է, ինչո՞ւ մենք դեռ կը պայքարինք ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձերու իրաւունքներուն եւ անոնց անյապաղ ազատ արձակման եւ վերադարձին ի խնդիր։ Ինչո՞ւ մենք դեռ կը պայքարինք մարդոց մշակութային իրաւունքներուն համար եւ Ազերպաճանի քաղաքականութենէն բխող՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ: Ինչո՞ւ մենք կը պայքարինք երախաներու որակեալ կրթութիւն ստանալու իրաւունքին համար, երբ անոնց դպրոցները յաճախակի կրակի տակ են: Ինչո՞ւ մենք կը պայքարինք մարդոց՝ իրենց տուներուն մէջ տարրական կենսապայմաններ ունենալու իրաւունքին համար, երբ միակ կազատարը կը խափանուի”,– նշած է Միրզոյեան:

Հայաստանի դիւանագիտութեան ղեկավարը միաժամանակ վերահաստատած է Երեւանի պատրաստակամութիւնը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն հաստատելու, Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ անյապաղ կերպով ճշմարիտ եւ կառուցողական բանակցութիւններ սկսելու ջանքերուն:

“Այս համածիրին մէջ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը առանցքային դեր ունի խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու հարցին մէջ: Սակայն, մենք խորապէս կը հաւատանք, որ Եւրոպայի խորհուրդը նոյնպէս՝ իր լիազօրութեան շրջանակին մէջ, պէտք է աշխուժօրէն սատարէ այս գործընթացին:

Մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը շատոնց հասունցած է”,– նշած է Միրզոյեան: