“Այն երազանքները, զորս ոմանք կը փայփայեն Հայաստանի մասին, տարբեր անուանումներով,– ի միջի այլոց, այսպէս կոչուած՝ «միջանցքի» մասին,– իրականութիւն պիտի չդառնան”,– յայտարարած է Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի։ Ան անգամ մը եւս հաստատած է, որ Իրան կ՚աջակցի ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ազգային ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան. աւելցուցած է, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը իրենց համար «կարմիր գիծ» է։
Իրանական կողմի հակազդեցութիւնը բազմաձայն է, բոլոր գերատեսչութիւններու պատասխանատուներ շատ խիստ լեզուով կը դատապարտեն Ռուսասատանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղած կշտամբանքը՝ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ համաձայնութեան 9-րդ կէտին վերաբերեալ, պնդելով՝ իբր թէ Հայաստանի իշխանութիւնը խափանած է հոն տեղ գտած՝ ենթակառոյցներու ապաշրջափակման համաձայնութիւնները եւ շեշտած, թէ հարցը պէտք է լուծուի 2020-2022 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան։
Յատկանշական է Իրանի Յեղափոխութեան պահապաններու բանակի նախկին ղեկավար Մոհսեն Ռեզայիի յայտարարութիւնը, որ անձամբ թիրախ կ՚առնէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը. «Ռուսաստանի պետական գործիչին վարքը անընդունելի է եւ ակնյայտօրէն կը հակասէ Իրանի հետ բարեկամութեան մասին իր յայտարարութեան։ Այս երկ-դիմութեան պէտք է վերջ տրուի»։
Իրանի հակազդեցութիւնը նոր չէ։ Սակայն, անսպասելի էր անոր սրումը, որ պետական դիրքորոշումի յայտարարութիւնէ անդին երթալով կը պարունակէ երկու տեսակի սպառնալիք. մէկ՝ ռազմական գործողութեան դիմելու եւ երկու՝ Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան եւ գործակցութեան համապարփակ դաշինքի կնքման կասեցում։
Մինչ այդ Թեհրան Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած էր Ռուսաստանի դեսպանը Հայաստանի նկատմամբ Լաւրովի կշտամբանքին առնչութեամբ Իրանի իշխանութիւններու խիստ հակադրութիւնը յայտնելու։
Իրանի ձայնի այս բարձրացումը կ՚ուղղուի նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանին, որոնք վերջերս կը մրցին իրարու հետ 44-օրեայ պատերազմի յաղթանակի դափնին իրարմէ խլելու։
Իրան կարծէք նոր կ՚անդրադառնայ 44-օրեայ պատերազմին չէզոք կեցուածք որդեգրելու իր մեծ սխալին։ Օգտուելով միջազգային քաղաքական խառն իրավիճակէն, թուրք-ազերի զոյգը կը հետապնդէ թրքալեզու պետութիւններու հաղորդակցութեան միջոցներու ուղղակի անխափան կապի իրագործումը, ռուսական կողմի մեղսակցութեամբ. վերջինս իր կարգին, կորսնցուցած ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը, կը ջանայ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութիւնը պահպանել Ազերպայճանին մատուցելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծառայութիւնը։ Իրանի համար յստակ է որ «Զանգեզուրի միջանցքը»-ը Իրանը Եւրոպային կապող միջանցքներէն մէկուն խափանումը կը նշանակէ։
Այս առումով, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի՝ «X»ի վրայ գրառումը յատկանշական է՝ «Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը սոսկ նախապատւութիւն չեն, այլեւ մեր ազգային ապահովութեան առանցքը։ Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն որեւէ սպառնալիք, դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութեան կամ սահմաններու վերագծում, բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ՝ Իրանի համար»։
Ի՞նչն է որ Իրանին թոյլ կու տայ ռուս-ազերի-թուրք երրեակին նկատմամբ աւելի ինքնավստահ ու խիստ հռետորաբանութիւն որդեգրել։ Եւրոպա՞ն, արեւմո՞ւտքը. հաւանական է։ Ռուսաստանի համար այսօր էական է Իրանի հետ բարեկամական դաշինքը, ինչպէս որ էական է Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը Արեւմուտքի պարտադրած շրջափակումը մեղմելու համար։ Իսկ Իրանի համար անհրաժեշտ է Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու բարելումը, պատիժներու մեղմացումը ձեռք բերելու համար։ Այս առումով, Իրանի խիստ հռետորաբանութիւնը Ռուսաստանի նկատմամբ կը հետապնդէ Արեւմուտքին հաճոյանալու նպատակը։ Մինչ այդ, Թեհրանի աւելի յախուռն ընդդիմացումը «Զանգեզուրի միջանցք»-ին՝ կարեւոր նեցուկ մըն է Հայաստանին, քանի որ «միջանցք»-ի էջը կրնայ վերջնապէս փակուիլ, շնորհիւ իրանական ռազմավարական շահերուն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։