Յունուար 9-ին, Լիբանանի խորհրդարանը Բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունը ընտրած է երկրի նախագահ։ 128 անդամ ունեցող խորհրդարանէն ան երկրորդ փուլին ստացած է 99 ձայն։
Ընտրութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած է 61-ամեայ նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը։
Նշենք, թէ Լիբանանի նախագահի աթոռը ճիշդ երկու տարի է թափուր կը մնար։
Տնտեսական խոր տագնապէն ետք, Իսրայէլ-Հեզպալլահ պատերազմին թատերաբեմ դարձած երկրին նոր նախագահը պաշտօնի գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք կոչ ըրած է, որ «Պետութիւնը ունենայ զէնքերու մենաշնորհը»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։