Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումները կը շարունակուին։ Միջկուսակցական նիստը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 7-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։
Ժողովականները քննած են Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն անմիջական ու երկարաշունչ հետեւանքները։
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերստին շեշտած են անհրաժեշտութիւնը ներլիբանանեան մակարդակի վրայ հեռու մնալու ծայրայեղական կեցուածքներէ եւ ներքին համերաշխութեան պահպանման առումով անհրաժեշտ ճիգերը շարունակելու։
Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձած են հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատուած գաղթականներու վիճակն ու անոնց տրամադրուող օժանդակութիւնները։ Յատկապէս անդրադարձ կատարուած է լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, միութենական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու տարած համակարգուած աշխատանքներուն՝ շեշտելով անոնց կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ աշխատելու համար։
Ժողովի աւարտին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները անդրադարձած են Ազերպայճանի մէջ գումարուելիք COP29 միջազգային վեհաժողովին՝ հաստատելով, որ Ազերպայճան բարոյական եւ իրաւական առումով իրաւունք պէտք չէ ունենար նման տարողութեամբ համաժողով մը հիւրընկալելու։ Այս առումով ժողովականները անհրաժեշտ նկատած են բարձրացնել Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղային զտումի, բռնի տեղահանման հարցերը եւ՝ Արցախի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման համար միջազգային ընտանիքին դիրքորոշման ապահովումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։