Search
Close this search box.

«Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 12,5 տոկոսը յանձնուած է Հայաստանի կառավարութեան

Դեկտեմբեր 27-ին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի եւ «Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Ալոյեանի միջեւ ստորագրուած պայմանագրով՝ Ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 12,5 տոկոսը յանձնուած է Հայաստանի կառավարութեան։

Սոյն ծրագրով արդէն իսկ իրականացուած է 500 միլիոն տոլարի ներդրում մը եւ կը նախատեսուի յաւելեալ 250 միլիոն տոլարի ներդրում, որու շնորհիւ ալ կը ստեղծուին շուրջ հազար նոր աշխատատեղեր։

Նախարար Պապոյեանի համաձայն՝ այս պայմանագրին ստորագրումը կը նշանակէ, որ յաջողութեամբ յաղթահարուած են բոլոր փուլերը, իրականացուած է շատ մանրակրկիտ աշխատանք, իսկ բոլոր վտանգներն ու մտահոգութիւնները փարատած են։

“Սա  հսկայական ծրագիր մըն է, որ պիտի յանգի աւելի քան հազար աշխատատեղերու ստեղծման, պետական ամավարկին՝ նոր հարկերու վճարումին եւ ամէնէն կարեւորը՝ պիտի նպաստէ տուեալ բնագաւառի զարգացման։ Մենք կը հաւատանք այս ծրագրի յաջողութեան”,– շեշտած է նախարարը։

«Լիդիան Արմենիա»-ի տնօրէն Հայկ Ալոյեան, ի պատասխան լրագրողներու հարցումին, յայտարարած է, թէ Ամուլսարի հանքի շինարարական աշխատանքները կը սկսին յառաջիկայ եռամսեային, իսկ բուն շահագործումը կը նախատեսուի 2025-ի չորրորդ եռամսեային: