Յուլիս 26-ին «Ազատութիւն» լրասփիւռի հետ հարցազրոյցին, ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Լին Թրեյսի յայտարարած է, թէ պատրաստ է Ռուսաստանի հետ Մինսքի խումբին մէջ աշխատանքը շարունակելու՝ յանուն ղարաբաղեան խնդրի համապարփակ ու խաղաղ կարգաւորման։
“Մենք ըսինք, որ պատրաստ ենք Մինսքի խումբը օգտագործելու իբրեւ հարթակ։ Այդ առաջարկը տակաւին ի զօրու է, սակայն ռուսական կողմը ցարդ չէ արձագանգած այս առաջարկին։ Կը կարծեմ, որ այդ պիտի ըլլայ առաջին քայլը, որմէ ետք մենք պիտի կարենանք խօսիլ այլ քայլերու եւ գաղափարներու մասին։ Մենք կը շարունակենք Մինսքի խումբը դիտարկել որպէս ձեւաչափ, հարթակ, որ ունի միջազգային լիազօրագիր՝ անդրադառնալու Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին”,– ընդգծած է դեսպանուհին:
Հարցումին, թէ ի՞նչ կը պատասխանէ Ազերպայճանի նախագահի պնդումներուն, որ՝ հակամարտութիւնը այլեւս կարգաւորուած է եւ միջնորդներու կարիքը չկայ, դեսպան Թրեյսի նշած է, թէ հակառակ այդ յայտարարութիւններուն՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ուղիներ փնտռել Մինսքի խումբի ձեւաչափը օգտագործելու համար:
“Հակառակ Ռուսաստանի պատերազմին Ուքրաինայի դէմ, որ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած է, Միացեալ Նահանգներ կեդրոնացած է նաեւ այս տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերուն վրայ, որ կ՚ապացուցէ՝ դիւանագիտական ճամբով հակամարտութեան լուծում գտնելու ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարին յանձնառութիւնը”,– նշած է Լին Թրեյսի:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։