Search
Close this search box.

«Լուռ Գիշեր, …»

Ինչպէ՞ս դիմաւորել 2024-ի Ս. Ծննդեան տօնը 2023-ի Արցախեան աղէտէն ետք։ Լռութեա՞մբ, խոնարհութեա՞մբ, համեստութեա՞մբ, ցաւո՞վ, վիշտի զգացումո՞վ…, իսկ հաւատքո՞վ. կարելի՞ է դեռ դիմաւորել հաւատքով։ Քրիստոս որեւէ մէկ դերակատարութիւն ունի՞ մեր ձախողութեան մէջ։ Գարեգին Բ. վեհափառին Սուրբծննդեան քարոզը շատ յատկանշական փոխյարաբերութիւն կը տեսնէ Աստուծոյ ներգործութեան՝ ազգային կեանքէն ներս, ինչպէս հետեւեալ հատուածին մէջ. «Մեր ժողովուրդը 21-րդ դարում վերստին կրեց կորուստներ, ենթարկուեց նոր փորձութիւնների, որոնք, ցաւօք, անկարող եղանք յաղթահարելու աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւնների, ինչպէս նաեւ առաքելապատուէր բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհից խոտորուելու պատճառով»։ Շատ յստակ չէ թէ ո՞վ խոտորուած է առաքելապատուէր բարութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան ճանապարհէն։ Նկատի ունենալով յոգնակիի առաջին դէմքի գործածութիւնը, բնականաբար կարելի է ենթադրել, որ խօսքը կ՚ուղղուի նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, որոնք նոյնքան մեղանչած են ու հեռացած Աստուծոյ ճանապարհէն։

Ընդհանրապէս քաղաքական վերլուծութեան մէջ Արցախի աղէտին առաջնահերթ մեղաւորներ կը դիտուին՝ Ալիեւ, Փութին, Թուրքերը, Իսրայէլ, Արեւմուտքի կրաւորականութիւնը… սակայն, Գարեգին Բ.ի համար մեղաւոր ենք մենք։ Ի դէպ, մէկ նախադասութեամբ չ՚աւարտիր քարոզը, շարունակութիւնը նոյնքան հետաքրքրական նորութիւններ կը մատնանշէ. «Բարութիւնը մեզանում աղճատուեց չարութեան ու նենգութեան որոմներով, արդարութիւնն այլափոխուեց կողմնակալութեան ու հաշուեյարդարի դրսեւորումներով, ճշմարտութիւնը խեղուեց ու խաթարուեց ստով ու չարահնար գործողութիւններով։ Նման արատները նաեւ պատճառ դարձան մեր ազգի մասնատման, ուժերի ջլատման ու պարտութիւնների, նաեւ կորուստների մեր սրբութիւնների եւ արժանապատւութեան»։ Այս հատուածին մէջ աւելի բնորոշ կը դառնայ որ ամբողջ հայ ազգը չէ որ մեղաւոր է, այլ հատուած մը որ կ՚աղճատէ, կ՚այլափոխէ, կը խեղէ, կը խեղաթիւրէ որ պատճառ կը դառնայ ազգի մասնատման մինչեւ սրբութիւններու եւ արժանապատւութեան կորուստ։ Հետաքրքրական է գիտնալ թէ ո՞ր ուժին մասին է խօսքը, չըլլա՞յ կառավարութեան, Փաշինեանին ուղղուած են այս սուր սլաքները։ Բացէ ի բաց չէ նշուած, բայց այդպէս թելադրուած կը թուի։ Եւ ափսո՜ս, Եկեղեցին որ կը վայելէ Քրիստոսի հետ հաղորդակցելու առանձնաշնորհը, չէ կրցած առաջքը առնել նման աղճատման։

Վեհափառին քարոզը, սակայն, չի գոհանար նման փոքր անուղղակի ամբաստանութիւններով. ան իր մէջ աստուածաբանական այլ գոհարներ կը պարունակէ. հետեւինք Վեհափառին խօսքին. «Այսպէս, Արցախը միայնակ մնաց իրեն պատած արհաւիրքների օրերին։ Արցախցի Հայորդիք եղան հալածական հայրենի բնօրրանից, աստանդական եւ անօթեւան։ Բայց Տէրը, Ով Իր Ծննդեամբ փրկութիւն ու լոյս բերեց խաւարի մէջ, ցոյց է տալիս, որ Աստծոյ հետ՝ ամէն նեղութիւն վերափոխւում է յաղթութեան, ամէն տառապանք՝ աստուածային հատուցման, ամէն դժուարութիւն՝ ուժի եւ զօրութեան, եւ անգամ մահը՝ յաւիտենութեան»։ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան գլուխ-գործոց մը, որուն միակ հաւատացողը հաւանաբար ինք՝ Վեհափառը ըլլայ։ Յաւակնիլ թէ Յունուար 6-ին Յիսուսի ծննդեամբ Արցախահայութիւնը փրկուած է այլեւս, անոր նեղութիւնը վերածուած է յաղթութեան, դժուարութիւնը՝ ուժի, տառապանքը աստուածային հատուցման… այլեւս, պէտք չկայ պայքարելու, պահանջելու, ետ Արցախ վերադառնալու պահանջի… Արցախցինե՛ր երջանիկ ապրեցէ՛ք, դեռ ի՛նչ կը սպասէք, յաղթած էք, աստուածային հատուցում ստացած…։

Գարեգին Բ. վեհափառին քարոզները ընդհանրապէս եւ առաւելաբար ունին քաղաքական ու ազգային բովանդակութիւն, որոշ կրօնական ու հաւատքի շպարումներով։ 2024-ի Ս. Ծննդեան պատգամը նոյն ուղեգծին հետեւելով հանդերձ, կը տառապի իսկական կորուստի զգայութեան բացարձակ բացակայութենէ։ Վեհափառին քարոզին շարունակութիւնը մեկնաբանելու կարիք չկայ, հրաշալի նորութիւններ չկան այնտեղ։ Ժողովրդային առածները երբեմն կու գան կարգ մը խորին ճշմարտութիւններ մատնանշելու, ինչպէս այս պարագային՝ իսկապէս «լռութիւնը ոսկի է», նոյնիսկ եթէ Եկեղեցւոյ սպասաւորները Աստուծոյ խօսքը հաղորդելու պարտականութիւնը ստանձնած են։

Ժ.Չ. ■