Օգոստոս 25-ին Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները վերջնապէս լքեցին իրենց տուները։ Բնակավայրերը ամայացան։ Վերջնագիրը Ազերիներուն կողմէ պարտադրուած էր եւ վաւերացուած՝ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ։
Ի՞նչ կ՚արժեն վերջին ժամու ափսոսումները, յուզական եւ հէյ-վա՜խ արտայայտութիւնները, երբ հայութիւնը, անոր քաղաքական ուժերը երկուքի բաժնուած, երկու տարի զիրար ամբաստանելով եւ պարտութեան խարանը մէկը միւսին վրայ բարձելու աշխատանքով տարուած էին։
2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ի վեր յայտնի էր այդ երեք հայկական բնակավայրերուն՝ Ազերպայճանի յանձնուելու ճակատագիրը, փաստաթուղթին 6-րդ կէտին համաձայն։ Բացի եթէ նախօրօք աշխատանք տարուած ըլլար այդ գիւղերուն բնակչութեան տեղահանութիւնը կանխելու ուղղութեամբ, թէ՛ ռուսական կողմին, թէ՛ միջազգային հասարակութեան եւ թէ՛ Ազերիներուն հետ։ Եւ ո՞վ պէտք է տանէր այդ աշխատանքը՝ բնականաբար համայն հայութիւնը, այն «եռամիասնութիւն»-ը, որ տարիներէ ի վեր ամէն ազգային հանդիսութեան գովերգուած է անցեալի ու ներկայ իշխանաւորներուն, կառավարական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն կողմէ։ Սակայն, պարտութենէն երկու տարի ետք ի՞նչ բանի ականատես եղանք. Ազերիներու՝ Արցախը Հայաստանին կապող նոր միջանցք կառուցելու տքնաջան աշխատանքին,– առանց հայկական կողմին հետ խորհրդակցելու,– եւ անոր տարի մը շուտ գործածութիւնը պարտադրելու վճռակամութեան, ռուս խաղաղապահ զօրախումբին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան լռելեայն համաձայնութեան, իսկ հայութեան «եռամիասնութեան» զիրար յօշոտելու աստիճան ատելավառ երկբեւեռ բաժանումին։
Ազերական կառավարութիւնը Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) միջանկեալ դիմում ներկայացուցած էր կանխելու համար Բերձորի միջանցքի տեղացի բնակչութեան իր տուներու հրկիզումը եւ մշակութային արժէքներու քանդումը, իմա՛ խաչքարերու եւ այլ մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողներու տեղափոխումը Արցախ կամ Հայաստան։
Ազերական դիմումին ՄԻԵԱ-ի բացասական պատասխանը չէ այնքան հետաքրքրականը, որքան Ազերպայճանի խորամանկութիւնը, միջազգային հանրութեան առջեւ հայութիւնը ծաղրելու անոր մարտավարութիւնը, որ ՄԻԵԱ-ին դիմելով կ՚ամբաստանէ հայ բնակչութիւնը եւ տեղական իշխանութիւնները իրենց իսկ մշակութային արժէքները քանդելու մեղադրանքով։ Շատ կազմակերպուած կերպով իրագործուած մարտավարութիւն մը, որ ազերական ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն կը շրջէր։
Միաժամանակ, Հայաստան եւս դիմած էր ՄԻԵԱ-ին եւ վկայակոչած վերջին շրջանի ազերական արիւնալի զինեալ յարձակումները խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ, եւ Բերձորի, Աղաւնոյի համայնքներու բնակչութեան տեղահանման սպառնալիքները։ ՄԻԵԱ-ն կողմերը հրաւիրած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ ՄԻԵԱ-ի կանոնադրութեամբ պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման։ Ան վերահաստատած է 2020 Սեպտեմբեր 29-ին եւ Նոյեմբեր 3-ին կայացուցած վճիռները, որոնք արձակուած էին Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմումի հիման վրայ, Արցախի պատերազմին սկիզբը խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորող ազերական յարձակումները կասեցնելու նպատակով։
Ի՞նչ արժէք ունին այսօր ՄԻԵԱ-ի որոշումները, երբ միջազգային օրէնքի խախտումները դարձած են միջազգային օրինաչափութիւն, նոյն այն գերպետութիւններուն կողմէ, որոնք միջազգային ատեաններուն մէջ միջազգային օրէնքը վերահսկելու պարտաւորութիւնը ունին։ ՄԻԵԱ-ի որոշումները ունին քարոզչակա՞ն արժէք։ Ա՛նկասկած։ Այլապէս, Արեւմուտք-Ռուսաստան առճակատումին մէջ, ինքնապաշտպանութեան կարողութենէ զուրկ պետութիւնները միշտ տուժողի եւ շահագործուողի դիրքին մէջ կը գտնուին, իսկ աշխարհաքաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կարողութիւն ունեցող պետութիւնները՝ իրենց անօրինութիւնները պարտադրողի եւ ընդունելի դարձնողի։ Թուրքիան եւ Ազերպայճանը լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանան այս իրավիճակին։
Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներու տեղահանութիւնը կանխատեսելի էր, ինչպէս որ կանխատեսելի էր Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնը ի տես հայկական բանակի հրամանատարութեան եւ քաղաքական դասին անհեռատես քաղաքականութեան։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։