«Կեցցէ՛ Դամասկոսը նուաճողը». Էրտողանի նկարով պաստառներ Իրանի փողոցներուն մէջ

Գլխաւորաբար թրքախօսներու ապրած Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ վերջին օրերուն յայտնուած են թրքամէտ պաստառներ:

Այսպէս, Թաւրիզի փողոցներուն մէջ յայտնուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկարով որմազդեր, որոնց վրայ գրուած է. «‎Yaşasın  Şam Fatihi» («Կեցցէ՛ Դամասկոսը նուաճողը»):

Սուրիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկած ուժերուն՝ Անգարայի հետ կապերը գաղտնիք չեն,– կամ այլեւս գաղտնիք չեն,– ոչ ոքի համար եւ քանիցս այդ մասին արտայայտուած ըլլալով՝ հոս զանց կ՚առնենք անգամ մը եւս խորանալ այդ հարցին մէջ։

Միայն յիշեցնենք, որ «Fatih» մակդիրը տրուած է Օսմանեան կայսրութեան Մեհմէտ 2-րդ սուլթանին, որ 1453-ին նուաճած էր  Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը եւ զայն վերանուանած Իսթանպուլ: