Search
Close this search box.

Կոմիտասի շունչն ու ոգին՝ Երեւանի օփերայի բեմին. 55 տարի ետք բեմ վերադարձած է «Անտունի» պալէն

Սեպտեմբեր 26-ին՝ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրը, աւելի քան 50 տարի ետք նոր շունչով, ժամանակակից ու հետաքրքական մօտեցումներով Երեւանի «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բեմ վերադարձած է Էդգար Յովհաննիսեանի «Անտունի» պալէն, որու հիմքին կը գտնուի Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը։

Ներկայացումը նուիրուած է Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։

Դահլիճը բուռն ծափահարութիւններով խորապէս գնահատած  է վառ, գունեղ, չափազանց հայկական, յուզիչ ու հանճարեղ գործը: