Search
Close this search box.

Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին առիթով յիշատակի արարողութիւն՝ «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ

Սեպտեմբեր 26-ին, հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին առիթով՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ բազմաթիւ մտաւորականներ «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ ներկայ եղած են Վարդապետի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան եւ խնկարկման արարողութեան:

“Կոմիտաս լսելը առանձնայատուկ հանգստութիւն է, հնարաւորութիւն՝ սեփական մտքերը կարգի բերելու, խորհելու, նաեւ աւելի պարզ մտածելու բոլոր բարդ հարցերի մասին”,– տեղւոյն վրայ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով նշած է նախարարուհին։

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուած է «Փարիզեան հանդիպումներ» խորագիրը կրող առժամեայ ցուցահանդէսին, որ  նուիրուած է հայ դաշնակահարուհի, երգչուհի, Կոմիտաս Վարդապետի մտերիմ բարեկամ Մարգարիտ Բաբայեանի ծննդեան 150-ամեակին:

«Ե. Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սիւզաննա Խոջամիրեան բացման արարողութեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ «առանձնապէս հետաքրքրական է Կոմիտաս Վարդապետի եւ Մարգարիտ Բաբայեանի նամակագրութիւնը, որ ամբողջութեամբ պարուրուած է մարդկային ջերմութեամբ»: