Օգոստոս 16-էն 21, Աղուերանի (Կոտայքի մարզ) մէջ կայացած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են աշխարհի 21 երկիրներու հայկական կրթական կառոյցներու, Հայաստանի եւ Արցախի կրթութեան ոլորտի շուրջ 100 ներկայացուցիչներ։
Խորհրդաժողովին ներկայացուած են Հայաստանի լեզուական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, արեւմտահայերէնին վերաբերող գիտական աշխատանքները, կրթութեան զարգացման եւ նորարարութիւններու ազգային կեդրոնի գործունէութիւնը, ՀԲԸՄ-ի հայկական զօրութենական (virtuelle) համալսարանի, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան, Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ սփիւռքի համար իրագործուող ծրագրերը, համագործակցութեան ուղիները:
Արձանագրուած են շարք մը խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին տուեալ երկրի քաղաքական-իրաւական պայմաններուն, հայագիտական եւ հայերէնագիտական առարկաներու կրթական միասնական քաղաքականութեան, միօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներու համար ուսումնամեթոտական համալիրի՝ կրթական-առարկայական ընդհանուր չափորոշիչներու, ուսումնական ծրագրերու, դասագիրքերու, ուսումնական օժանդակ նիւթերու բացակայութեան եւ այլն:
Առանձին խումբերու մէջ քննարկուած են նաև Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան հետ համագործակցութեան ուղիները եւ խնդիրները, որոնց առանցքին կը գտնուի անհրաժեշտ գրականութիւն հայթայթելը։
Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանի տնօրէն Գէորգ Գազանճեանի գնահատմամբ՝ հայապահպանումը համայնքին մէջ օրհասական խնդիր դարձած է։ Ան տեղեկացուցած է, թէ վարժարանը դասագիրքերու հարց ունի, որոնք կը փոխարինուին ուսուցիչներու կողմէ հայթայթուող բնագրերով։ Այս հարցին աջակցելու նպատակով ԿԳՄՄ նախարարութիւնը առաջարկած է այդ բնագրերը ուղարկել Հայաստան՝ փորձագիտական կարծիքի, որմէ ետք, հարկ եղած պարագային անոնք իբրեւ ձեռնարկ կը հրատարակուին եւ կը ղրկուին Գահիրէի դպրոցներուն։ Այս ուղղութեամբ քննարկուած են Հայաստանէն հայերէն դասաւանդող ուսուցչի գործուղման հեռանկարներն ու կարելիութիւնները։
Առաջարկուած է նաեւ համագործակցաբար օգտուիլ Լիբանանի հայկական դպրոցներու դասագիրքերէն, որուն ի պատասխան՝ Լիբանանի համայնքը ներկայացնող Տիգրան Ճինպաշեան աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է։ Վերջինս յատկապէս ընդգծած է դասագիրքերու վերանայման հարցը։
Խորհրդաժողովի ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուած են նաեւ լեզուի քաղաքականութեան (Դաւիթ Գիւրջինեան, Լեզուի կոմիտէ), արեւմտահայերէնի պահպանութեան, ճիշդ տառադարձութեան անհրաժեշտութեան (Սուսաննա Տիոյեան, Հ․ Աճառեան լեզուի հիմնարկի արևմտահայերէնի բաժին) և այլ խնդիրներու վերաբերեալ։
Իբրեւ լուծում՝ ընդգծուած են շարք մը հրամայականներ, որոնց կարգին՝ հետամուտ ըլլալ հայրենաճանաչութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման, հայ դպրոցի եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու հզօրացման, ազգային, հոգեւոր, բարոյական եւ արժանապատիւ նկարագրով Հայու կրթութեան ու դաստիարակութեան, մշակել հայերէնագիտական առարկաներու կրթական չափորոշիչներ՝ Սփիւռքի մէջ առկայ կրթական ներուժի օգտագործմամբ եւ տեղական կարիքներու հաշուառմամբ, մշակել եւ իրականացնել Սփիւռքի համայնքներու կարիքներուն ուղղուած հեռավար ձեւաչափով կրթական ծրագրեր (սկզբնական շրջանին կրթական մասնակի ծրագրերու տեսքով), օգտագործել արտաքին քաղաքականութեան միջոցները՝ ի նպաստ հայեցի կրթութեան ընդլայնման եւ բովանդակային զարգացման, նպաստել արեւմտահայերէնի պահպանման եւ խրախուսել անոր գործածութիւնը։
Մասնակիցները ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած են խորհրդաժողովը, որ փորձառութեան փոխանակման եւ համագործակցութեան ընդլայնման լաւ առիթ հանդիսացած է:
Խորհրդաժողովի աւարտին ընդունուած է բանաձեւի մը աշխատանքային տարբերակը, որ տակաւին պիտի լրամշակուի՝ բոլոր կողմերու առաջարկներու եւ դիտողութիւններու հիման վրայ:
Ժողովի բացումին ներկայ եղած են Արցախի ԿԳՄՄ նախարարուհի Անահիտ Յակոբեան, փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան վարչութեան պետ Ռ․ Մուսայէլեան։
Նշենք, թէ խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ եւ երկամեայ պարբերականութեամբ:
2022 Օգոստոս 16-էն 21 մասնակցեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան (այսուհետեւ` ԿԳՄՄ) կազմակերպած «Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողով»-ին: Այս խորհրդաժողովները 2004-էն ի վեր կը գումարուին երկու տարին անգամ մը եւ կը համախմբեն աշխարհի չորս ծագերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Արցախէն ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ կրթական պատասխանատուներ, նախորդը` 9-րդը կատարուած էր առցանց, 2020-ին, համաճարակին պատճառով:
Թէեւ յայտարարուեցաւ, որ խորհրդաժողովին ներկայ եղած են 21 երկիրներու կրթական կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներ, պէտք է ըսել սակայն, որ շատ մը շրջաններ լրիւ կը բացակայէին, մինչ ուրիշներ խորհրդանշական մասնակցութիւն ունէին: Ինչպէս Լիբանանը, որուն միակ մասնակիցը… ես էի: Սուրիան եւս ներկայացուած էր հայաստանաբնակ նախկին ուսուցիչներով, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներկայ էր միայն Եգիպտոսը` մէկ ներկայացուցչով: Եւրոպա ու Ամերիկաներ` բացակայ: Այս պայմաններուն տակ, ներկաներուն ստուար մեծամասնութիւնը եկած էր Վրաստան-Ջաւախքէն եւ Ռուսաստանէն:
Բացակայութիւններու մեծ թիւը կը բացատրուի խորհրդաժողովի ուշ կազմակերպութեամբ: Պետական անհրաժեշտ որոշումը կայացած էր Յունիսի վերջին, երբ փակուած կ՚ըլլան արդէն դպրոցները: Պետական նման անփոյթ վերաբերումը, գումարած ԿԳՄՄ նախարարին բացակայութիւնը բացման նիստին, իսկ նախարարի տեղակալի միայն փակման նիստին մասնակցութիւնը, առիթ հանդիսացան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն արդարացի դժգոհութեան:
Խորհրդաժողովի գործնական կազմակերպիչ` Սփիւռքի հետ կապերու վարչութիւնը զանց առած էր պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ սովորաբար տեղի կ՚ունենար Երեւանի մէջ: Պատճառը` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի աղէտալի պայթումն ու հրդեհն էր. խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Աղուերանի մէջ, ուր գործնապէս չորս օրերու վրայ գումարեց 8 լիագումար եւ մասնախումբերու 11 նիստեր: Օրակարգը կ՚ընդգրկէր հիմնական երեք ուղղութիւններ. Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, արեւմտահայերէնի ուսումնասիրման ուղղութեամբ կատարուող գիտական աշխատանքները եւ ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի համար իրականացուող ծրագրերը:
Շնորհիւ Հայաստանի համալսարանական որոշ մասնագէտներու (յատկապէս` Մանկավարժական համալսարանէն), Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկի աշխատակիցներու եւ Սփիւռքէն մասնակիցներու, խորհրդաժողովը յաջողեցաւ բազմակողմանի ու խոր քննութեան ենթարկել օրակարգի հարցերը:
Կարիքները շատ են, բայց աւելի շատ են արգելքներն ու դժուարութիւնները: Յիշենք անոնցմէ մի քանին: Արցախի մէջ վիճակը, մերձաւորարեւելեան երկիրներու տագնապները, որոշ երկիրներու մէջ (օրինակ` Վրաստան) ոչ-բարենպաստ պայմանները, թէ՛ ամէնօրեայ եւ թէ՛ միօրեայ դպրոցներուն մէջ միասնական կրթական քաղաքականութիւն կիրարկելու անկարելիութիւնը, ուսումնամեթոտական միջոցներու բացակայութիւնը, հայերէնագիտական նիւթերու ծրագրերու բացակայութիւնը, մանկավարժական անձնակազմերու բացակայութիւնը… շարքը կարելի է երկարել: Նման ժխտական պայմաններու առկայութիւնը, վտանգաւոր` եկող սերունդներու ազգային դաստիարակութեան տեսակէտէն, կը պահանջէ լուրջ սերտողութիւն եւ անմիջական միջոցառումներու ձեռնարկում: Բան մը, որուն գիտակից չենք, ուր մնաց` նաեւ սրբագրութեան համար նախաձեռնութիւնները:
Խորհրդաժողովը մշակեց յանձնարարութիւններ, որոնք որդեգրուած բանաձեւի ճամբով շուտով կը դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:
Այս յանձնարարութիւնները ուղղուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական պատասխանատու մարմիններուն ու յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնցմէ կ՚ակնկալուի կրթական ասպարէզին վերաբերող հարցերու լուրջ ու արմատական վերանայում ու նպատակաուղղուած աշխատանք` կրթական համակարգը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:
Խորհրդաժողովները քաղաքականութիւն մշակող համախմբումներ չեն: Զանազան միջավայրերէ եկած կրթական մշակներու փոխադարձ ծանօթութիւնը, իւրաքանչիւրին դժուարութիւններուն իրազեկումը, փորձառութիւններու փոխանակումը կը հարստացնեն ազգային կեանքի այս կենսական բաղադրիչի բազմակողմանի քննութիւնը: Յանձնարարութիւնները կարեւոր են, առարկայական ու գործնապաշտ: Հարկ է գործադրել զանոնք անյապաղ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։