Search
Close this search box.

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Թուրքիոյ հետ սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդման համաձայն՝ Հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէետը պատրաստ է շահագործման եւ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրեր ունեցողներուն համար սահմանը բանալու վերաբերեալ։

Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան շուրջ երկու շաբաթ առաջ յայտարարած էր, թէ իր աւարտին կը մօտենայ նոր անցակէտին շինարարութիւնը: