Search
Close this search box.

Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական յաջողութիւնը

Ի նշան Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին բացառիկ զօրակցութեան՝ Ֆրանսայի քաղաքապետերու ընկերակցութեան հրաւէրով Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան առաջին անգամ ըլլալով յատուկ հիւրի կարգավիճակով, Նոյեմբեր 23-ին մասնակցեցաւ Ֆրանսայի քաղաքապետերու եւ ընդլայնուած համայնքներու ղեկավարներու 105-րդ համագումարի փակման հանդիսաւոր արարողութեան։ Պատիւ մը եւ մանաւանդ դիւանագիտական յաղթանակ մը շնորհիւ երկարատեւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի, զոր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհին կրցած է յաջողութեամբ մշակել, թէ՛ ֆրանսական տեղական կառավարման մարմիններու հետ եւ թէ՛ զանազան շրջաններու հայ համայնքներու, որոնք շատ սերտ կապեր ունին սոյն մարմիններուն ղեկավարներուն հետ։

Ֆրանսայի քաղաքապետերու եւ ընդլայնուած համայնքներու ղեկավարներու ընկերակցութիւնը կը համախմբէ տեղական ինքնակառավարման կառոյցներու աւելի քան 10 000 անդամներ, որոնք Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին ժողովուրդին ամէնօրեայ խնդիրներուն ամէնէն մօտիկ, ընտրուած անձերն են, Ֆրանսայի ժողովուրդը ներկայացնող առաջին մակարդակի պետական օղակը, որ էական նշանակութիւն ունի քաղաքական կուսակցութիւններու ռազմավարական որոշումները եւ քաղաքական ուղեգիծը ձեւաւորելու մէջ։ Հարթակ մը, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի, գործադիրի եւ տնտեսավարողներու հետ միասին կը համախմբէ Ֆրանսայի քաղաքական եւ տնտեսական դաշտի գլխաւոր դերակատարները։

Հայաստանի դիւանագիտութիւնը արդէն շատ արդիւնաւէտ կերպով կը գործակցի Ֆրանսայի նախագահին եւ Արտաքին գործոց ու Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հետ։ Նոյնպէս սերտօրէն կը գործակցի Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն հետ, որոնք արդէն հանդէս եկած են Հայաստանի զօրակցութեան որոշումներով։ Ֆրանսայի քաղաքապետերու եւ ընդլայնուած համայնքներու ղեկավարներու ընկերակցութեան հետ գործակցութիւնը կու գայ աւելցնելու երրորդ օղակ մը Ֆրանսայի հետ գործակցութեան, այսպէսով ներգրաւելով նաեւ Ֆրանսայի տարածքին գործող բոլոր ինքնակառավարման մարմինները, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ շատեր լաւատեղեակ են Հայաստանի մարտահրաւէրներուն, տարիներէ ի վեր հայաստանեան քաղաքապետարաններու եւ մարզերու հետ քոյր քաղաքի կամ համայնքի բարեկամական դաշինքներ կնքած ու երկու կողմերու միջեւ համագործակցութիւն եւ փոխանակումներ ծաւալած ըլլալով։ 

Դեսպանուհի Յ. Տոլմաջեան այս բացառիկ առիթը օգտագործելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն առջեւ արձագանգ հանդիսացաւ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած ծանրակշիռ մարտահրաւէրներուն։ Կոչ ուղղեց որ Հայաստանի հետ կապերը զօրացնելու համար անոնք օգտագործեն բոլոր միջոցները՝ իրականացնելով մշակութային, ընկերային ու յատկապէս տնտեսական ծրագրեր։ 

Շնորհիւ Ֆրանսայի՝ Եւրոպական Միութիւնը եւս աւելի աշխուժ կերպով ներգրաւուելու սկսաւ Հայասատանի պաշտպանական համակարգը զօրացնելու գործին մէջ։ Այսպէս է որ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը եւս այցելեց Հայաստան եւ յանձնառու եղաւ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը ընդլայնելու աշխատանքին։

Ֆրանսա-Հայաստան համագործակցութիւնը եկաւ խանգարելու Ռուսաստան-Ազերպայճան-Թուրքիա եռակողմ դաշինքի հաշիւները, որոնցմէ Ռուսաստան եւ Ազերպայճան առիթ չեն փախցներ ամբաստանելու Ֆրանսան, նոր պատերազմ հրահրելու մեղադրանքով։

Հայաստանի դիւանագիտութեան յաջողութիւնը պէտք ունի տակաւին տնտեսական գետնի վրայ արդիւնաւորուելու, որուն համար անհրաժեշտ է նաեւ հայ համայնքի աւելի աշխուժ ներգրաւումը։ Բնագաւառ մը որ մեծապէս կը կաղայ։ Ներկայիս, ֆրանսահայ համայնքը Հայաստան հիմնադրամին մեծագոյն օժանդակողը կը հանդիսանայ, սակայն ներդրումային ծրագիրը ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու օրակարգին մաս չի կազմեր դեռ։ 

Ժ.Չ. ■