Մայիս 20-ին, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի դիմաւորման արարողութիւնը: Այնուհետեւ երկու նախագահները գլուխ-գլխի զրոյց ունեցած են, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Քննարկուած են հայ-լիթուանական տնտեսական կապերու խթանման վերաբերող հարցեր: Արծարծուած են նաեւ գիւղատնտեսութեան, սննունդի արդիւնաբերութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ուժանիւթի բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։
Նախագահ Նաուսետա նշած է, թէ իր այցի նպատակն է ամրապնդել երկկողմ յարաբերութիւնները, ընդգծելով որ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար շատ կարեւոր է երկխօսութիւնը ու փոխըմբռնման մթնոլորտի ստեղծումը:
“Ինչպէս տեղեակ էք նախքան հոս գալս այցելեցի նաեւ Ազերպայճան: Հոն փորձեցինք հասկնալ իրենց դիրքորոշումը, այստեղ ալ կը փորձենք ըմբռնել ձեր մօտեցումները: Երկխօսութիւնը հրամայական է, նկատի ունենալով որ յառաջանալու այլ ճամբայ չկայ”,– շեշտած է Լիթուանիոյ նախագահը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։