Հայ-թրքական բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան ցաւակցած է իր պաշտօնակից Սերտար Քըլըչին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածներու կապակցութեամբ:
«Իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ Կազիանթեփի եւ Մարտինի մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածներու հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։ Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ»,– Թուիթըրեան իր էջին գրած է Ռուբինեան։
Նշենք, թէ, Թուրքիոյ մէջ երկու մեծ արկածի հետեւանքով մահացած են աւելի քան երեք տասնեակ քաղաքացիներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։