Search
Close this search box.

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը՝ Եռաբլուրի Նահատակաց պանթէոնէն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 15-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու ներկայութեան:

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ Յովհաննիսեանի կողմէ: Վերջինս իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Եռաբլուրը նաեւ հերոսաբլուր է: Այստեղ կը հանգչին հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարած հերոսները, զորս “պարտաւոր ենք միշտ յիշելու: Չվախնանք հերոսին՝ հերոս ըսելու, արցախցիին՝ արցախցի ըսելու: Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու: Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կ՛ըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը”:

Շարունակելով, Յովհաննէս քհնյ ըսաւ. “Միանանք, զօրանանք եւ չհամակերպինք այս իրավիճակին հետ, այլ` պայքարինք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին: Ոտքի կանգնինք եւ դառնանք հպարտ հայեր, ոչ թէ ծնրադիր հայեր, այլ` գլուխը բարձր, հպարտ հայեր, որպէսզի աշխարհին ապացուցենք, որ մենք իսկապէս հզօր ազգ ենք: Եկէք անձերու չվերագրենք Հայաստանը: Հայաստանը ամբողջութեամբ Հայաստան է: Հայաստանը մեզմո՛վ Հայաստան է եւ մենք պարտաւոր ենք մեր պատիւը, մեր քաջութիւնը փոխանցելու գալիք սերունդներուն”:

Քահանայ հօր խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան աղօթք, որմէ ետք ներկաները դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց յուշապատ, ուր ՀՄԸՄ-ի անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը արտասանեց խորհրդաժողովի բացման խօսքը` ըսելով. “Երբ Եռաբլուր ենք` հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ: Հոս` մենք ուխտաւորներս ըսելիք չունինք: Մենք կրնանք ամփոփուիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել, հարց տալով, որ արդեօք մեր նպատակային ուղղութիւնը նո՞յնն է եւ զայն տակաւին միասին կը կտրե՞նք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան”:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքին աւարտով ներկաները խմբերգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը: Ապա, բոլորը լուռ ու յամրաքայլ շրջեցան Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակներու շիրիմներուն շուրջ եւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհ գացած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին:

Խորհրդաժողովի նիստերուն մեկնարկը

Միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի նիստերը ընթացք առին նոյն օրը կէսօրին եւ երկարեցան մինչեւ ժամը 19, օրակարգի վրայ ունենալով կազմակերպական, սկաուտական, մարզական, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքները:

Հանդիպում հայրենի լրասփիւռներու ներկայացուցիչներու հետ

Միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակիցներու Երեւան ներկայութենէն օգտուելով` ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը նոյն օրը աւելի ուշ ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց հայրենի լրասփիւռներու ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին ցուցադրուեցան ՀՄԸՄ-ը եւ անոր հանրային կապերու կառոյցը ծանօթացնող տեսանիւթեր: Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` Վիգէն Աւագեան:

Խօսքերուն յաջորդեցին զրոյցներ` լրագրողներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան ժամանած ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներուն միջեւ: