ԼԻԲԱՆԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան, Յուլիս 5-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ նշուած է ԼԵՄ-ի 50-ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագրով:
Այս առիթով ելոյթ ունեցած եւ ԼԵՄ-ի դերակատարութեան ու կարեւորութեան անդրադարձած են Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ձեռնարկին ցուցադրուած են երեք տեսերիզներ` ԼԵՄ-ի պատմականին, Լիզպոնէն Արցախ ԼԵՄ-ականներու առաքելութեան եւ ԼԵՄ-ի նորօրեայ կեանքին վերաբերող:
Աւարտին գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը:
Այս առիթով, նոյն օրը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 37 ԼԵՄ-ականներ տուած են իրենց երդումը եւ միացած ՀՅԴ Լիբանանի ընտանիքին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։