Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը այցելած է Կանտիի տուն-թարգարանը

 

Յուլիս 12-ին, Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վլադիմիր Պօղոսեան այցելած է Նիու Տելհի գտնուող Մահաթմա Կանտիի տուն-թանգարանը եւ տնօրէնութեան յանձնած 2019-ին Հայաստանի մէջ շրջանառութեան դրուած Կանտիի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթը:

Դիւանագէտը ներկայացուցած է նաեւ Երեւան գտնուող Կանտիի յուշարձանին լուսանկարները, նշելով թէ 2021 Օգոստոսին տեղադրուած արձանը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն՝ մարմնաւորելով Կանտիի աւանդած յաւերժական սկզբունքները: