Ձախէն երկրորդը՝ Հայաստանի Առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան
Օգոստոս 28-30 Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած միջազգային դեղագործական ցուցահանդէսին «iPHEX» (iPHEX International Pharmaceutical Exhibition) մասնակցած է Հայաստանի Առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հնդկաստանի կառավարութեան եւ Դեղագործական արտադրանքի խթանման խորհուրդի (Pharmexcil) կազմակերպած ցուցահանդէսը ի մի բերած է բազմաթիւ դեղագործական ընկերութիւններ եւ առողջապահութեան բնագաւառի կառավարիչներ՝ ամբողջ աշխարհէն` բացայայտելու նորարարութիւնները եւ ընդլայնելու փոխադարձ գործակցութեան շրջանակները։
Իր ելոյթին ընդգծելով Հնդկաստանի հետ համագործակցութեան երկարամեայ փորձառութիւնը` տիկին Նանուշեան անդրադարձած է կեանքեր փրկելու և «առողջութիւն բոլորի համար» գերակայ նպատակին հասնելու ընդհանուր յանձնառութեան:
Իբրեւ Հայաստանի 2020-2050 վերափոխման ռազմավարութեան առաջնահերթութիւն` ան ներկայացուցած է առողջապահական համապարփակ բարեփոխումներու ուղղութեամբ Կառավարութեան կարեւոր քայլերը:
Փոխնախարարը վստահեցուցած է, որ կողմերու միջեւ շինիչ երկխօսութեան միջոցով կարելի պիտի ըլլայ որակեալ առողջապահական ծառայութիւններ մատուցել մեր երկիրներու քաղաքացիներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։