Search
Close this search box.

ՀՌՈՄ –  Միջեկեղեցական աղօթք՝ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներուն համար

Նոյեմբեր 10-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, ինչպէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներու, այնպէս ալ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք։ Սուրբ Աթոռի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցչին եւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի կողմէ կազմակերպուած միջեկեղեցական արարողութեան նպատակն էր իրազեկ դարձնել Պաքուի մէջ ներկայիս բանտարկուած հայ գերիներու մասին եւ աղօթել անոնց ազատ արձակման համար։

Արարողութեան ներկայ էին Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Բորիս Սահակեան, քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւորականներ,  դեսպաններ ու դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իտալացի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ։ Բոլորն ալ համախմբուած էին հաւաքական խնդրանքով իրենց ձայները միաւորելու արդարութեան եւ ազատութեան համար։

Աղօթքէն առաջ, Գրիգոր սարկաւագ Պօյաճեան Լեւոնեան վարժարանի կողմէ բարի գալուստով դիմեց բոլորին։

Ապա Սուրբ Աթոռի Քենթրպըրիի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ՝ Եան արք. Էռնեսթ հանդէս եկաւ ոգեշնչող քարոզով։ Իր ուղերձով ան ընդգծեց տառապանքի եւ անարդարութեան պայմաններուն տակ բոլոր դաւանանքներու միջեւ միասնութեան կարեւորութիւնը։ Ներկաներուն յիշեցուց խաղաղութեան եւ մարդասիրութեան հետամուտ ըլլալու իրենց ընդհանուր պատասխանատւութեան մասին՝ ամրապնդելով այն խոր կապերը, որոնք կը միացնեն քրիստոնէական եկեղեցիները դժուարութեան ժամանակ։

Անկլիքան հոգեւորականը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հարուստ եւ փոթորկալից պատմութեան՝ նշելով, որ դարերէ ի վեր եւ առ այսօր ան կը շարունակէ կրել խաչը, որպէս տառապանքի ու մաքառման խորհրդանիշ․ «Եւ այդ է պատճառը, որ  տաժանակիր ճանապարհին մենք կանգնած ենք ձեր կողքին»,– աւելցուց ան։

Պատարագի աւարտին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական bատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդունեցին նախաձեռնութեան մասնակցելու հրաւէրը։
Ապա յատուկ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Եան արք. Էռնեսթին՝ միջկրօնական երկխօսութեան աշխատանքներուն իր շարունակական ներդրումին համար։

 

Իր խօսքով Սրբազան հայրը ընդգծեց ընդհանրական հաւատքի արժէքը, որպէս արդարութեան եւ խաղաղութեան որոնման շարժիչ ուժ, յատկապէս յանուն անոնց, որոնք չեն կրնար պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն համար։ Սրբազանը նշեց, թէ պէտք է հաստատակամ մնանք պարտականութեան մէջ՝ պաշտպանելու բոլորին իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը, որոնք անտեսուած են եւ առաւել ե՛ւս՝ կարիքաւոր։

Ան ըսաւ, որ լռութեան մէջ անարդարաբար տառապող մեր հայրենակիցները Աստուծոյ սիրելի զաւակներն են եւ շեշտեց, թէ առ Աստուած առաքուած աղօթքը ոչ միայն անոնց ազատութեան համար է, այլ որպէսզի աշխարհին մէջ տիրեն փոխըմբռնում, յարգանք եւ կարեկցանք։ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ իշխանատէրերը կը լսեն բարի կամքի մարդոց կոչը եւ կարեկցանք կը ցուցաբերեն, որ բնորոշ է իւրաքանչիւր մարդ էակին։

Ամփոփելով, Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Տիրոջ ուսմունքներուն՝ սիրոյ, շնորհքի եւ ներումի մասին, որոնք ուժ կու տան պայքարելու աշխարհի մէջ արդարութեան, ողորմութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։