Search
Close this search box.

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կոչը՝ լիբանանեան տագնապին շուրջ

2019 Հոկ­տեմբե­րին սկսած Լի­բանա­նի տագ­նա­պը նոր եւ վտան­գա­ւոր դրսե­ւորու­մով կը ներ­կա­յանայ այ­սօր:

2024 Սեպ­տեմբեր ամի­սէն ի վեր եր­կի­րը անընդհատ են­թա­կայ է յար­ձա­կումնե­րու եւ ամ­բողջա­պէս պա­տերազ­մա­կան վի­ճակ կը տի­րէ Լի­բանա­նի մէջ:

Հա­րաւա­յին Լի­բանա­նէն՝ Պէյ­րութ եւ իր հա­րաւա­յին արուար­ձաննե­րը, Պե­քաա, Պաալ­պէք եւ բազ­մա­թիւ այլ տա­րածքներ բուռն ռմբա­կոծումնե­րու կ՚են­թարկուին: Զո­հերու թի­ւը ցարդ կը հաս­նի շուրջ 3.000-ի, վի­րաւոր­նե­րու­նը՝ 13.000-ի: Ամ­բողջու­թեամբ քան­դուած են բնա­կելի շէն­քեր, այ­րուած՝ հո­ղատա­րածքներ: Ներ­քին գաղ­թա­կան­նե­րու թի­ւը ան­ցած է 1.200.000-ը, ըստ պաշ­տօ­նական տուեալ­նե­րու: Գաղ­թա­կան­նե­րը կ՚ապաս­տա­նին յա­րաբե­րաբար աւե­լի ապա­հով շրջան­ներ, Լի­բանա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, նե­րառեալ Պուրճ Համ­մուտ, Այնճար եւ այլ հա­յաբ­նակ թա­ղամա­սեր: Հայ քա­ղաքա­ցիներ եւ հայ­կա­կան շրջան­ներ ցարդ լուրջ վնաս չեն կրած պա­տերազ­մէն:

Հ.Յ.Դ. Լի­բանա­նի Կեդ­րո­նական կո­միտէն մօ­տէն կը հե­տեւի երկրի կա­ցու­թեան, քա­ղաքա­կան, ռազ­մա­կան եւ ըն­կե­րային հո­լովոյ­թին. ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւննե­րու, հայ­կա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու, ու­ղե­կից միու­թիւննե­րու թէ բա­րեսի­րական հաս­տա­տու­թիւննե­րու հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մնա­յուն կապն ու գոր­ծակցու­թիւնը կը նպաս­տեն գա­ղու­թի անվտան­գութեան պահ­պանման եւ այ­լա­պէս ցցուած դժուարու­թիւննե­րու դի­մաց լու­ծումներ գտնե­լու աշ­խա­տան­քին:

Այ­սուհան­դերձ, կա­ցու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ մնալ խիստ մտա­հոգիչ, եթէ նկա­տի ու­նե­նանք ան­մի­ջական քա­ղաքա­կան լու­ծումնե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը: Այ­սինքն՝ կը դի­մագ­րա­ւենք լուրջ տագ­նապ մը:

Անհրա­ժեշտ է ամ­րապնդել անվտան­գութեան աշ­խա­տան­քը:

Անհրա­ժեշտ է բաց պա­հել մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րը:

Անհրա­ժեշտ է հաս­նիլ կա­րիքա­ւոր­նե­րուն, որոնց թի­ւը բնա­կանա­բար պի­տի աւել­նայ ժա­մանա­կի ըն­թացքին:

Մեր կազ­մա­կեր­պութիւ­նը, իր ակումբնե­րով, գրա­սենեակ­նե­րով եւ կա­ռոյցնե­րով, ու­ղե­կից միու­թիւննե­րով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Հա­մազ­գա­յին) աշ­խուժ աշ­խա­տանք տա­նելով հան­դերձ, իր կա­րելիու­թիւննե­րու նուազա­գոյն աս­տի­ճանին հա­սած ըլ­լա­լով՝ գո­յատե­ւելու լուրջ խնդիր ու­նի:

Ժո­ղովուրդը ըն­կե­րային եւ տնտե­սական ծան­րա­գոյն պայ­մաննե­րու մէջ է: Գոր­ծա­տու­ներն ու առեւտրա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րը փա­կուած են կամ փա­կուե­լու վտանգ կը դի­մագ­րա­ւեն: Գոր­ծազրկու­թիւնը աճած է, ապ­րանքնե­րու գի­ները ան­հա­մեմատ սղած են, բնա­կարան­նե­րու վարձքե­րը՝ բարձրա­ցած, կեն­ցա­ղային դրու­թիւնը գաղ­թա­կան­նե­րուն պատ­ճա­ռով՝ բար­դա­ցած:

Ի տես այս վի­ճակին, անհրա­ժեշտ է ոտ­քի մնալ: Միաս­նա­բար պար­տինք զօ­րակ­ցիլ մեր կա­ռոյցնե­րու գո­յատեւ­ման, առանց որոնց Լի­բանա­նի հա­յու­թիւնը լրջօ­րէն վտան­գի կ՚են­թարկուի:

Աւե­լորդ է ան­գամ մը եւս կրկնել ընդհան­րա­պէս Մի­ջինա­րեւե­լեան եւ մաս­նա­ւորա­բար Լի­բանա­նի գա­ղութնե­րու հա­մահայ­կա­կան կա­րեւո­րու­թիւնը: Հե­տեւա­բար ներ­կայ դժնդակ պայ­մաննե­րու մէջ լի­բանա­նահա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րելը բո­լորիս պարտքը պէտք է հա­մարել:

Այս նպա­տակով մեր կարգ մը շրջան­նե­րուն մէջ ար­դէն իսկ սկսած է հան­գա­նակու­թիւն. հան­գա­նակու­թիւն շու­տով կը սկսի նաեւ այլ շրջան­նե­րու մէջ։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժո­ղովուրդին, այս նոր ճգնա­ժամի պա­հուն, գոր­ծօն մաս­նակցու­թեամբ զօ­րավիգ կանգնե­լու լի­բանա­նահա­յու­թեան։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

4 Նոյեմբեր 2024 ■