ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Օգոստոս 16-ին հրատապ նիստ կը գումարէ Արցախի մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ՝ արձագանգելով Հայաստանի դիմումին: Լուրը կը հաղորդէ Associated Press լրատու գործակալութիւնը: Նիստը կը կայանայ օրուան երկրորդ կէսին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, թէ նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Խորհուրդի նիստին։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ու ծերակուտական Էտըմ Շիֆ տեղեկացուցած է, թէ ինք Օգոստոս 14-ին նամակ մը յղած է նախագահ Պայտընին՝ նշելով թէ արցախեան ճգնաժամը կը պահանջէ ԱՄՆ-ու կողմէ անյապաղ գործողութիւն։ Ան X-ի իր հաշիւին գրած է.
«Այսօր ես թելադրեցի ԱՄՆ-ու նախագահին անմիջապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրել՝ ազերպայճանական շրջափակումը դադրեցնելու օրակարգով: Պէտք է օգտագործենք բոլոր հասանելի գործիքները՝ աջակցելու Արցախի ժողովուրդին եւ կանխելու յաջորդական ցեղասպանութիւնը»:
Ծերակուտականը՝ գրառումին կից հրապարակած է Ճօ Պայտընին գրած իր նամակը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։