Search
Close this search box.

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխնախարարին Հայաստան այցը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխնախարար Ուզրա Զեյա այս օրերուն Հայաստան այցելած է։

Ան հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին:

Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ Զեյա դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ իրական խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան ու կայունութեան երաշխաւորման:

Զրուցակիցները քննարկած են Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը:

Ըստ Զեյայի՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումն ոեւ ամրապնդումը շատ կարեւոր են Ուաշինկթընի համար։

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ հետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Աւելի ուշ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի ընկերակցութեամբ՝ Զեյա այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան։