Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Ծերակոյտը կ՚առաջարկէ Արցախին յատկացնել 2 միլիոն տոլար

 

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովը Յուլիս 28-ին հրապարակած է 2023-ի տնտեսական տարուան իր յատկացումներու օրինագիծը, որով կը վերահաստատէ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ լրացումը եւ կ՚առաջարկէ 2 միլիոն տոլար որպէս Արցախի ականազերծման նպաստ եւ տեղահանուած Հայերուն օժանդակութիւն: Լուրը հաղորդած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:

Յունիսին Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էր օրինագիծի իր տարբերակը, որով կոչ ուղղուած էր 60 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրելու Հայաստանին եւ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի ականազերծման աշխատանքներուն: Ներկայացուցիչներու պալատի օրինագիծը կը ներառէր նաեւ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ լրացման վերաբերող հատուածը:

Այս լրացումը, որ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը ընդունած է 1992 թուականին, կը սահմանափակէ Ազերպայճանին տրամադրուող օգնութիւնը՝ նախատեսելով միայն մարդասիրական աջակցութիւն: Ան կ’ենթադրէ, որ ԱՄՆ Ազերպայճանի կառավարութեան պէտք չէ աջակցութիւն տրամադրէ, որովհետեւ տակաւին այդ երկիրը ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շրջափակման ու ուժի կիրարկման տարբերակներէն հրաժարելու համար: